ՄԱԿ Հարաւային Սուրիոյ մէջ բռնարարքներուն շուրջ շտապ հետաքննութիւն կը պահանջէ
ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւունքի հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Վոլքըր Թուրք վերջին օրերուն Սուրիոյ հարաւին մէջ տեղի ունեցած եւ շուրջ 600 զոհ պատճառած բռնարարքներուն շուրջ շտապ հետաքննութիւն յայտարարեց:
ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւունքի հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Վոլքըր Թուրք վերջին օրերուն Սուրիոյ հարաւին մէջ տեղի ունեցած եւ շուրջ 600 զոհ պատճառած բռնարարքներուն շուրջ շտապ հետաքննութիւն յայտարարեց:
«Պէտք է արիւնահեղութիւնն ու բռնարարքները դադրեցնել, եւ բոլոր անձերուն պաշտպանութիւնը պէտք է բացարձակ առաջնահերթութիւն ըլլայ: Պէտք է բոլոր բռնարարքներուն շուրջ անկախ, արագ եւ թափանցիկ հետաքննութիւն կատարուի, եւ պատասխանատուները հաշուետուութեան ենթարկուին», ըսաւ Թուրք:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
19/07/2025, 08:49