Որոնել

Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմ  (AFP or licensors)

Պաղեստինեան իշխանութիւնը համաձայն է Կազայի մէջ միջազգային ուժերու տեղակայման

Պաղեստինի վարչապետին համաձայն, անհրաժեշտ է միացեալ աշխատանք` Կազան Այսրյորդանանի վերամիաւորելու համար` «առանց բռնագրաւումի, բռնի տեղահանման կամ կցման»:

Պաղեստինեան իշխանութիւնը դէմ չէ զինադադարի դրութեան հսկելու եւ անվտանգութիւն ապահովելու համար Կազայի մէջ շրջանային եւ միջազգային ուժերու տեղակայման: Այս մասին Նիւ Եորքի մէջ պաղեստինեան հարցի լուծման նուիրուած ՄԱԿ-ի բարձր մակարդակով միջազգային խոհրդաժողովի ընթացքին յայտարարած է Պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետ Մոհամետ Մուսթաֆա:

«Համաս պէտք է դադրեցնէ Կազայի իր վերահսկողութիւնը եւ զէնքերը յանձնէ Պաղեստինեան իշխանութեան: Մենք պատրաստ ենք կոչ ուղղելու` Պաղեստինի պետութեան հետ համակարգուած կերպով շրջանային եւ միջազգային ուժերու տեղակայման` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ լիազօրուած առաքելութեան ծիրին մէջ` մեր ժողովուրդը պաշտպանելու, բոլոր կողմերուն կողմէ զինադադարի դրութեան պահպանման վերահսկելու եւ անվտանգութիւնը ապահովելու համար», ըսած է ան:

Մուսթաֆա նաեւ ընդգծած է, որ այդ ուժերը պիտի չփոխարինեն պաղեստինեան անվտանգութեան ուժերը:

Պաղեստինի վարչապետին համաձայն, անհրաժեշտ է միացեալ աշխատանք` Կազան Այսրյորդանանի վերամիաւորելու համար` «առանց բռնագրաւումի, բռնի տեղահանման կամ կցման»:

«Մենք պէտք է մեր ժողովուրդին հետ միասին վերակառուցենք Կազան, ուր Պաղեստինն ու Իսրայէլը կ՛ապրին կողք-կողքի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան մէջ` շրջանային խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման հասնելու համար», ըսած է Մուսթաֆա:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2025, 09:14