Որոնել

Քիրիլ պատրիարքը եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսը Քիրիլ պատրիարքը եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսը 

Ռուս եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Քիրիլ պատրիարքը կը շնորհաւորէ Արամ Ա. Կաթողիկոսին գահակալութեան 30 ամեակը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ուղղած յատուկ նամակով, ռուս եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Քիրիլ Պատրիարքը իր ջերմ շնորհաւորութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան՝ հայրապետական գահակալութեան 30 ամեակին առիթով:

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ուղղած յատուկ նամակով, ռուս եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Քիրիլ Պատրիարքը իր ջերմ շնորհաւորութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան՝ հայրապետական գահակալութեան 30 ամեակին առիթով:

Եղբայրական ջերմ սիրով գրուած նամակին մէջ Քիրիլ Պատրիարք անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին իրագործումներուն՝ հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ յատուկ կերպով ընդգծեց Հայրապետին ղեկավարութեամբ յառաջ տարուած միջ-եկեղեցական աշխատանքները, որոնք Նորին Սրբութիւնը դարձուցին սիրելի ու յարգելի անձնաւորութիւն՝ կրօնական ղեկավարներու մօտ: Ռուս եկեղեցւոյ հոգեւոր պետը նաեւ յիշեցուց երկար տարիներու վրայ տարածուած իր սերտ բարեկամութիւնը Վեհափառ Հայրապետին հետ, ապա Հայրապետին մաղթեց նորանոր իրագործումներով լեցուն երկար գահակալութիւն

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2025, 09:39