Որոնել

Արցախ Արցախ 

Բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ ծագած հրդեհներուն հետեւանքով անհետացման վտանգի տակ կը գտնուի Արցախի պատմամշակութային ժառանգութիւնը

Հրդեհը հասած է նաեւ Նախիջեւանիկ եւ Վարդաձոր համայնքներ, որոնց տարածքին գտնուող եկեղեցիներն ու մշակութային արժէք ներկայացնող այլ կառոյցներ եւս կանգնած են անմիջական վտանգի առջեւ։

Վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանագօտիին մէջ ծագած հրդեհներուն հետեւանքով վտանգի տակ կը գտնուի շուրջ 100 պատմամշակութային յուշարձան։ Կրակի տարածման գօտիին մէջ յայտնուած են Տիգրանակերտի պատմամշակութային արգելոցը, Ամարասի վանական համալիրը, ինչպէս նաեւ Թալիշ համայնքի շրջակայքին եւ շարք մը այլ բնակավայրերու մէջ գտնուող նշանակալի յուշարձանները։ Ընկերային ցանցերուն մէջ  տարածուած տուեալներուն համաձայն՝ հրդեհներուն հետեւանքով վնասուած են Նոր Շէն համայնքի թութի պատմական այգիները։

Հրդեհը հասած է նաեւ Նախիջեւանիկ եւ Վարդաձոր համայնքներ, որոնց տարածքին գտնուող եկեղեցիներն ու մշակութային արժէք ներկայացնող այլ կառոյցներ եւս կանգնած են անմիջական վտանգի առջեւ։

Ազերպայճանի Հանրապետութիւնը՝ վերահսկողութիւն ունենալով Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն նկատմամբ, միջազգային իրաւունքի եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ պայմանագրերուն համաձայն՝ պարտաւոր է այդ տարածքներուն մէջ ապահովել մշակութային եւ բնական ժառանգութեան պահպանումը, ձեռնարկել անյետաձգելի միջոցներու հրդեհը մարելու եւ հասցուած վնասները վերականգնելու ուղղութեամբ։

Միջազգային կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները իրենց լիազօրագրերու շրջանակին մէջ պէտք է պատշաճ գնահատական տան ստեղծուած իրավիճակին եւ ձեռնարկեն գործուն քայլերու Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանման համար։

Աղբիւրը՝ Նոր Յառաջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2025, 09:00