Որոնել

Տիգրանակերտի պատմամշակութային կերպարի մասին պատմող գիրք Տիգրանակերտի պատմամշակութային կերպարի մասին պատմող գիրք 

Լոյս տեսած է բռնագրաւուած Տիգրանակերտի պատմամշակութային կերպարի մասին պատմող գիրքը

«Արցախի Տիգրանակերտ. պատմամշակութային կերպարը հնագիտական հետազօտութիւնների լոյսի ներքոյ» գիրքը, որ կ՚ամփոփէ քաղաքի մասին աղբիւրագիտական ամբողջ տուեալներն ու հնագիտական ուսումնասիրութիւնները։
Ունկնդրէ լուրը

Monument Watch-ը կը տեղեկացնէ, թէ լոյս տեսած է «Արցախի Տիգրանակերտ. պատմամշակութային կերպարը հնագիտական հետազօտութիւնների լոյսի ներքոյ» գիրքը, որ կ՚ամփոփէ քաղաքի մասին աղբիւրագիտական ամբողջ տուեալներն ու հնագիտական ուսումնասիրութիւնները։

Հայերէն լեզուով գիրքին հեղինակներն են 21 հետազօտողներ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն։ Հատորը հրատարակուած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկին կողմէ. 360 էջ, 600 նկարազարդում, խմբագիր՝ Համլետ Պետրոսեան, մասնակցութեամբ՝ Արմինէ Գաբրիէլեանի։

Աղբիւրը՝ Նոր Յառաջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2025, 08:01