Փաշինեան-Ալիեւ բանակցութիւններէն ետք Միջազգային հանրութիւնը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան
Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններէն ետք միջազգային հանրութիւնը իր աջակցութիւնը յայտնեց խաղաղութեան, նաեւ՝ Երեւանէն եւ Պաքուէն ակնկալելով հասնիլ անոր:
Եւրոպական Միութիւնը խրախուսեց Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը կարելի եղածին չափ արագ ստորագրել եւ վաւերացնել խաղաղութեան համաձայնագիրը:
Միացեալ Նահանգները յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն կ՛աջակցի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան խթանման ջանքերուն: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թեմի Պրիւս ըսաւ, որ կը հետեւի մամլոյ հաղորդագրութիւններուն: «Թրամփի վարչակազմին եւ արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոյի մօտեցումը ինքնին խօսուն է. կառավարութեան հանդիպումին ընթացքին կատարուած դիտարկումը ցոյց կու տայ, որ ասիկա խաղաղութեան համար աշխատող վարչակազմ է: Անոնք ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի հասնին պէտք եղած տեղը։ Այս դիրքորոշումը չէ թուլցած: Ասիկա պայմանաւորուած է անով, որ «Ամերիկան դարձեալ հզօր դարձնելու» յանձնառութիւնը, անշուշտ, կ՛ընդգրկէ նաեւ մեզ շրջապատող աշխարհին իրավիճակը», ըսաւ Պրիւս:
Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերու գծով բանբեր Անիթա Հիփըր «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին վերահաստատեց Պրիւքսէլի աջակցութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: «Ասիկա կարեւոր քայլ է տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ ապահովութեան հասնելու ուղղութեամբ: Երկու կողմերը կը քաջալերենք կարելի եղածին չափ շուտ ստորագրելու եւ վաւերացնելու խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծը: Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է յաւելեալ աջակցութիւն եւ փորձագիտական խորհրդատուութիւն տրամադրելու, եթէ կողմերը խնդրեն», ըսաւ Հիփըր։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին հանդիպումը յաջողած համարեց՝ աւելցնելով. «Հաստատում ենք, որ այն կարող է խաղաղութեան գործընթացի հետագայ իրացման լուրջ հիմք հանդիսանալ»։
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ