Որոնել

2025.07.31 Rev P. Ohanian e i responsabili del museo del genocidio

Արժէքաւոր նուիրատուութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկին

Վահան ծ. վրդ. Օհանեան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յանձնած է շուրջ 32 հազար միաւոր փաստաթուղթ, զորս ան հաւաքած է իր երկարամեայ գիտական, հոգեւոր եւ ազգային ծառայութեան ընթացքին

Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Վահան ծ. վրդ. Օհանեան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յանձնած է շուրջ 32 հազար միաւոր փաստաթուղթ, զորս ան հաւաքած է իր երկարամեայ գիտական, հոգեւոր եւ ազգային ծառայութեան ընթացքին:

Նիւթերը կ՛ընդգրկեն ամերիկեան, բրիտանական թերթերէ յօդուածներ եւ Ֆրանսայի Նանթ քաղաքի արխիւին մէջ պահպանուած դիւանագիտական փաստաթուղթեր` Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ընդհանրապէս Հայկական հարցին առնչութեամբ:

Այս արժէքաւոր հաւաքածոն կարեւոր աղբիւր կը հանդիսանայ հետագայ ուսումնասիրութիւններու, յատկապէս` Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան հետազօտման համար:

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2025, 15:48