Որոնել

Ռուսիոյ  եւ Ուքրանիոյ միջեւ Պոլսոյ մէջ բանակցութիւններ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ Պոլսոյ մէջ բանակցութիւններ  (ANSA)

Ռուսիա եւ Ուքրանիա աւարտեցին զինուորներու դիակներու փոխանակումը

Ռուսիան եւ Ուքրանիան չորեքշաբթի օր Պոլսոյ մէջ բանակցութիւններու ընթացքին համաձայնեցան իւրաքանչիւր կողմէ 1200 գերիներու փոխանակման: Մոսկուա Քիեւին առաջարկեց 3000 զինուորներու դիակներ յանձնել:

Պոլսոյ մէջ ռուս-ուքրանական բանակցութիւններու մասնակից ռուսական պատուիրակութեան նախագահ Վլատիմիր Մետինսքի յայտարարեց. «Ռուսիան եւ Ուքրանիան աւարտեցին զինուորներու դիակներու փոխանակումը»:

Ռուսիան եւ Ուքրանիան չորեքշաբթի օր Պոլսոյ մէջ բանակցութիւններու ընթացքին համաձայնեցան իւրաքանչիւր կողմէ 1200 գերիներու փոխանակման: Մոսկուա Քիեւին առաջարկեց 3000 զինուորներու դիակներ յանձնել:

Մետինսքի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Գերիներու փոխանակման շարունակման ծիրին մէջ համաձայնեցանք մօտիկ ապագային իւրաքանչիւր կողմէն յաւելեալ 1200 ռազմագերիներու փոխանակման շուրջ»:

Ուքրանական պատուիրակութեան նախագահ Ռուսթամ Ամիրով իր կարգին յայտնեց. «Քիեւ առաջարկեց օգոստոսի աւարտին ղեկավարներու մակարդակով ժողով գումարել»:

Ամիրով ըսաւ, որ իր երկիրը երկու երկիրներուն միջեւ գերիներու փոխանակման մէջ յաւելեալ յառաջընթաց կը նախատեսէ:

Ան աւելցուց, որ ռուսական կողմը համաձայնած է աւելի քան երեք տարիէ ի վեր գերութեան մէջ բոլոր եղողները ազատ արձակելու Ուքրանիոյ առաջարկին:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2025, 09:10