Թեքսասի մէջ ջրհեղեղի զոհերուն թիւը գերազանցած է 80-ը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
ԱՄՆ-ի Թեքսասի նահանգին մէջ յորդառատ անձրեւներէն առաջացած հեղումներու զոհերուն թիւը հասած է առնուազն 82-ի։ Անոնց շարքին են ամառնային ճամբարներուն մէջ գտնուող բազմաթիւ երեխաներ։ Իշխանութիւնները յայտնած են, որ զոհերուն թիւը կարելի է աճիլ, քանի որ անհետ կորսուածներուն որոնումները տակաւին կը շարունակուին։ Թեքսասի նահանգապետ, Գրէկ Էփոթիի խօսքով, ամբողջ նահանգին մէջ անհետ կորսուած են 41 մարդ, սակայն անոնց թիւը կարելի է որ աճի։ Նահանգապետը զգուշացուց, որ յառաջիկայ երկու օրերուն տեղատարափ անձրեւներ նախատեսուած են, որոնք կարող են դարձեալ հեղեղումներ առաջացնել։
Յիշենք, որ կիրակի 6 յուլիսին, կէսօրին, Վատիկանի Առաքելական Պալատին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքէն ետք Լեւոն ԺԴ Պապը յիշեց Թեքսասի մէջ բնական աղէտի թիրախ դարձած զոհերն ու անոնց ընտանիքները ապագովուելով իր մօտիկութիւնը ու աղօթքը զոհերուն ու անոնց ընտանքներուն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ