Որոնել

 «Ֆրանսական կշռոյթներ՝ նուիրուած Ազնաւուրի յիշատակին» «Ֆրանսական կշռոյթներ՝ նուիրուած Ազնաւուրի յիշատակին» 

ԳԻՒՄՐԻ – Ներկայացուած է «Ֆրանսական կշռոյթներ՝ նուիրուած Ազնաւուրի յիշատակին» մշակութային ծրագիրը

Ֆրանսական կշռոյթներ՝ նուիրուած Ազնաւուրի յիշատակին» մշակութային ծրագրին նպատակն էր խթանել մշակութային համագործակցութիւնը եւ նպաստել ստեղծագործական ոլորտներու զարգացման՝ ձեւաւորելով նոր հարթակներ, որոնք կը միաւորեն արուեստի եւ նորաձեւութեան բնագաւառի մասնագէտները:

Յուլիս 11-ին, «Տէրեան» մշակութային կեդրոնի նախաձեռնութեամբ Գիւմրիի Թատերական հրապարակին վրայ ներկայացուած է «Ֆրանսական կշռոյթներ՝ նուիրուած Ազնաւուրի յիշատակին» ( “Rythmes français, dédié à la mémoire d’Aznavour” ) մշակութային ծրագիրը:

Սոյն ծրագրին նպատակն էր խթանել մշակութային համագործակցութիւնը եւ նպաստել ստեղծագործական ոլորտներու զարգացման՝ ձեւաւորելով նոր հարթակներ, որոնք կը միաւորեն արուեստի եւ նորաձեւութեան բնագաւառի մասնագէտները:

Նախքան Գիւմրին, այս ծրագիրը ցուցադրուած է Սթրազպուրկի մէջ:

Շառլ Ազնաւուրի յիշատակին նուիրուած այս նորարարական նախագիծը մշակած են հայ նկարիչներ Լիլիթ Մելիքեան եւ Քրիսթինա Մկրտչեան: Անոնց ստեղծած ապագայապաշտական հագուստներուն մէջ կը համադրուին արուեստն ու նորաձեւութիւնը՝ միահիւսելով ֆրանսական մշակոյթի նրբերանգներն ու ժամանակակից հայկական ոճաբանութիւնը:

«Տէրեան» մշակութային կեդրոնի ղեկավար Լիլիթ Մելիքեան լրագրողներուն տեղեկացուցած է, որ հաւաքածոն ստեղծուած է «Տէրեան» կեդրոնի եւ Ֆրանսա բնակող Քրիսթինա Մկրտչեանի համագործակցութեամբ։ Վերջինս հագուստներուն վրայ պատկերած է Ազնաւուրէն ներշնչուած զարդեր:

Հաւաքածոն առաջիկայ օրերուն պիտի ցուցադրուի նաեւ Չեխիոյ եւ Վրաստանի մէջ։

Աղբիւրը՝ Նոր Յառաջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2025, 09:19