Թրամփ կը սպառնայ Եւրոպական Միութեան դէմ 30 առ հարիւրի Մաքսատուրք հաստատել, Պրիւքսել կը նախընտրէ բանակցային լուծումը
Եւրոպական Միութիւնը պիտի յետաձգէ Միացեալ Նահանգներու նոր մաքսատուրքերուն դէմ համարժէք քայլերը մինչեւ 1 օգոստոս` առեւտրական տարակարծութիւնները բանակցութիւններով լուծելու համար: Այս մասին երէկ յայտարարեց Եւրոպական Միութեան յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն` աւելցնելով, որ միութիւնը «պիտի շարունակէ մշակել հաւանական հակազդման քայլեր, որպէսզի Եւրոպական Միութիւնը լիովին պատրաստ ըլլայ որեւէ բեմագրութեան»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մէկ օր առաջ, հակառակ կողմերուն միջեւ շարունակուած աշխուժ բանակցութիւններուն, սպառնաց 1 օգոստոսէն սկսեալ 30 առ հարիւրի մաքսատուրք հաստատել Եւրոպական Միութենէն ներածուող ապրանքներու վրայ` առանձին ոլորտային մաքսատուրքերը չհաշուած:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ