Որոնել

Եւրոպական Միութեան դրօշակը Եւրոպական Միութեան դրօշակը  (REUTERS)

Եւրոպական Միութեան ղեկավարները իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Հայաստանի գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն

Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշթայի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենի եռակողմ հանդիպումը

Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշթայի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենի եռակողմ հանդիպումը: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը:

Հանդիպումին աւարտին որդեգրուած մամլոյ միացեալ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի.

«Եւրոպական Միութեան ու Հայաստանի առաջնորդներու հանդիպման ժամանակ կը վերահաստատեն եւ յառաջ կը մղեն իրենց գործընկերութիւնը:

«Այսօր Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշթան եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենը հանդիպեցան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ` Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ աճող գործընկերութիւնը վերահաստատելու եւ յառաջ մղելու նպատակով: Նախագահ Քոշթա եւ նախագահ Ֆոն Տեր Լեյեն ողջունեցին Հայաստանի բարեփոխումներու յաւակնոտ օրակարգը եւ իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանի գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն:

«Հանդիպումի ընթացքին ղեկավարները ողջունեցին Եւրոպական Միութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն գործընկերութեան նոր օրակարգի բնագիրին վերաբերեալ վերջերս ձեռք բերուած քաղաքական համաձայնութիւնը, որ կարեւոր փուլ է կապերու խորացման միացեալ յանձնառութեան համար: Անոնք նաեւ գոհունակութեամբ նշեցին մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման հոլովոյթին մէջ արձանագրուած յառաջընթացը եւ Հայաստանի` վերջերս որդեգրած «Հայաստանի Հանրապետութեան Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հոլովոյթի մեկնարկի մասին» օրէնքը:

«Եւրոպական Միութիւնը վերահաստատեց իր ամուր յանձնառութիւնը` աջակցելու Հայաստանի դիմակայունութեան եւ երկարաժամկէտ զարգացման` էական ֆինանսական եւ թեքնիք օգնութեան միջոցով: «Համաշխարհային դարպասներ» ռազմավարութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներդրումները այժմ կը կանխատեսուի հասցնել 2,5 միլիառ եւրոյի` խթանելով ներառական աճը եւ կապակցուածութիւնը:

«2024 թուականի ապրիլին յայտարարուած 270 միլիոն եւրօ արժողութեամբ «Դիմակայունութիւն եւ աճ» ծրագիրը 50 առ հարիւրով մեծցուց Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանին տրամադրուող ֆինանսաւորումը: Ներդրումները խթանելուն միտուած 200 միլիոն եւրոյի դրամաշնորհային օգնութեամբ եւ 70 միլիոն եւրոյի դրամաշնորհային ֆինանսաւորումով` անիկա կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի ընկերատնտեսական բարեփոխումներու օրակարգին, աւելի սերտ ոլորտային համագործակցութեան եւ ուժանիւթի, փոխադրամիջոցներու եւ սեփական հատուածներու մէջ ներդրումներուն:

«Այս պայմաններուն մէջ, Եւրոպական Միութիւնը վերահաստատեց իր աջակցութիւնը Հայաստանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան` միտուած շրջանային կապակցուածութեան եւ հաշտեցման: Նախագահ Քոշթա եւ նախագահ Ֆոն Տեր Լեյեն նաեւ նշեցին Հայաստանի շարունակական ջանքերը` միտուած Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան խթանման, մասնաւորաբար, Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ շարունակական ներգրաւուածութեան եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած քայլերու միջոցով: Ղեկավարները նաեւ ընդգծեցին Հայաստանը Եւրոպական Միութեան շրջանային եւ տնտեսական նախաձեռնութիւններու մէջ, մասնաւորաբար, Սեւ ծովու ռազմավարութեան ծիրին մէջ ներգրաւելու կարելիութեան կարեւորութիւնը:

«Նախագահ Քոշթա եւ նախագահ Ֆոն Տեր Լեյեն շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայաստանին` սերտ համագործակցութեան եւ պատժամիջոցներու շրջանցումը կանխարգիլելու ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն համար: Վարչապետ Փաշինեանի հետ միասին անոնք համաձայնեցան շարունակել այդ ուղղութեամբ համատեղ ջանքերը:

«Անվտանգութեան ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը առանձնայատուկ տեղ գտաւ քննարկումներուն մէջ: Ղեկավարները ողջունեցին Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհրդակցութիւններու մեկնարկը` ընդգծելով խաղաղութեան, կայունութեան եւ ժողովրդավարական դիմակայունութեան նկատմամբ իրենց միացեալ յանձնառութիւնը:

«Անդրադառնալով անվտանգութեան հետ կապուած շարք մը մտահոգութիւններու, ներառեալ արտաքին տեղեկատուութեան շահագործումներուն եւ միջամտութեան, ապատեղեկատուութեան եւ համացանցային սպառնալիքներուն, Եւրոպական Միութիւնը առաջարկեց համագործակցիլ Հայաստանի հետ` գնահատելու անոր կարիքները, որոշելու համագործակցութեան առաջնահերթ ոլորտները եւ կիրարկելու Եւրոպական Միութեան գոյութիւն ունեցող գործիքները: Հայաստանի տեղեկատուական համակարգին աջակցելու համար Եւրոպական Միութիւնը յայտարարեց անկախ լրատուամիջոցներու ամրապնդման համար նախատեսուած 1,5 միլիոն եւրոյի նոր թղթածրարի մասին:

«Եւրոպական Միութեան ղեկավարները ողջունեցին այն փաստը, որ Հայաստան պիտի հիւրընկալէ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովը եւ Կենսաբանական բազմազանութեան մասին հռչակագիրի կողմերու 17-րդ խորհրդաժողովը:

«Վերջաւորութեան ղեկավարները եզրակացուցին, որ այսօրուան հանդիպումը կարեւոր քայլ է Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ եւ կոչ ուղղեցին շարունակելու յառաջընթացը այս աշնան կայանալիք Եւրոպական Միութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն յաջորդ գործընկերութեան խորհուրդի նիստին»:

Քոշթա. «Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ուղղուած Հայաստանի Քայլերը Բարձր Կը Գնահատենք»

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշթա «Էս»-ի վրայ գրած է, որ կարեւոր հանդիպում տեղի ունեցած է Փաշինեանի եւ Ֆոն Տեր Լեյենի հետ` Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ զարգացող գործընկերութիւնը վերահաստատելու համար:

«Եւրոպական Միութիւնը վճռականօրէն կ՛աջակցի Հայաստանի բարեփոխումներու յաւակնոտ օրակարգին: Մենք բարձր կը գնահատենք Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւն ապահովելու ուղղութեամբ Հայաստանի ջանքերը, մասնաւորաբար` Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ շարունակական ներգրաւուածութիւնը եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած քայլերը:

«Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ վերջերս համաձայնեցուած գործընկերութեան ծրագիրը նոր էջ կը բանայ մեր յարաբերութիւններուն մէջ` նպաստելով շրջանային եւ տնտեսական աւելի սերտ կապերուն: Մենք անհամբեր կը սպասենք, թէ Հայաստան ե՛րբ պիտի հիւրընկալէ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 2026 թուականի վեհաժողովը», գրած է Քոշթա:

Ֆոն Տեր Լեյեն. «Մեր Կապերը Աւելի Սերտ Են, Քան Երբեւէ»

Եւրոպական յանձնաժոովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն «Էքս»-ի վրայ գրած է. «Հաճելի է ձեզ կրկին տեսնել Պրիւքսելի մէջ, սիրելի՛ Նիկոլ Փաշինեան: Դուք ցոյց տուիք Հայաստանի խոր նուիրուածութիւնը խաղաղութեան եւ կայունութեան:

«Մեր կապերը աւելի սերտ են, քան երբեւէ, Եւրոպական Միութեան Դիմացկունութեան եւ աճի ծրագիրը ռազմավարական ներդրում է Հայաստանի ապագային մէջ»:

Փաշինեան Եւ Քոս Քննարկած Են Արցախէն Տեղահանուածներու Ընկերային Խնդիրներու Լուծման Ուղղութեամբ Իրականացուող Ծրագիրները

Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոս Փաշինեանի հետ հանդիպումի ընթացքին ողջունած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը եւ կարեւոր նկատած Հայաստանի հետ հետեւողական ու արդիւնաւէտ երկխօսութիւնը:

Ան ուրախութեամբ արձանագրած է, որ աւարտած են Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան նոր օրակարգի շուրջ քննարկումները, իսկ փաստաթուղթի ստորագրումը կը նախատեսուի Եւրոպական Միութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն յաջորդ գործընկերութեան խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ:

Մարթա Քոս անգամ մը եւս յայտնած է Եւրոպական Միութեան ամուր աջակցութիւնը Հայաստանի բարեփոխումներու յաւակնոտ օրակարգին եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներու արդիւնաւէտ իրականացման:

Զրուցակիցները քննարկած են Եւրոպական Միութեան ֆինանսական գործիքակազմերով Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն, տնտեսական գործընկերութեան խթանման վերաբերող հարցեր:

Անդրադարձ կատարուած է Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերու ընկերային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն: Վարչապետ Փաշինեան կարեւոր նկատած է միջազգային ընտանիքին կողմէ այս ուղղութեամբ շարունակական աջակցութիւնը:

Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոս նշած է, որ յառաջիկային կը պատրաստուի այցելել Հայաստան` աւելի առարկայական քննարկելու համատեղ ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները:

Պելճիքայի Վարչապետ. «Փաշինեանի Պրիւքսել Այցելութիւնը Նոր Ազդակ Պիտի Հաղորդէ Երկկողմ Համագործակցութեան Զարգացման»

Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Պելճիքայի վարչապետներ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Պարթ Տէ Վեւերի հանդիպումը:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Պելճիքա յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր: Կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են քաղաքական երկխօսութեան աշխուժ բնոյթին նկատմամբ եւ կարեւոր նկատած առեւտրատնտեսական գործընկերութեան զարգացման, ներդրումներու, առեւտրական կապերու ընդլայնման ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացումը:

Պելճիքայի վարչապետը իր երկրին աջակցութիւնը յայտնած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ` վստահութիւն յայտնելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի Պրիւքսել այցելութիւնը նոր ազդակ պիտի հաղորդէ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման:

Անոնք միտքեր փոխանակած են շրջանային զարգացումներու, ներառեալ Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան հոլովոյթի շուրջ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2025, 09:00