Արամ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան յատկանշական մարզերը ներառող հատորի հրատարակութիւն
հատորը կ՛ընդգրկէ ընտրուած պատկերներ, անոնց մասին հակիրճ տեղեկութիւններ, կարեւոր դէպքերու նշումներ եւ վեհափառին պատգամներէն մէջբերումներ:
Վերջերս լոյս տեսաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 30 տարիներու առաքելութեան կարեւոր բնագաւառները ներկայացնող պատկերազարդ հատոր մը (քաթալոկ)՝ հայերէնով եւ անգլերէնով:
Յիշեալ հատորը կ՛ընդգրկէ ընտրուած պատկերներ, անոնց մասին հակիրճ տեղեկութիւններ, կարեւոր դէպքերու նշումներ եւ վեհափառին պատգամներէն մէջբերումներ:
Շուրջ 400 էջերու վրայ տարածուած այս հատորը ընդհանուր գիծերով կը պարզէ ո՛չ միայն Արամ Ա.ի ծառայութեան յատկանշական երեսները, այլեւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութեան էական մարզերը:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
23/07/2025, 09:27