Որոնել

2025.08.13 Cento bambini sfollati con la forza dall'Artsakh partiti per l'Ungheria per un campo estivo di sette giorni

Արցախէն բռնի տեղահանուած շուրջ հարիւր երեխաներ մեկնած են Հունգարիա՝ մասնակցելու եօթնօրեայ ամառնային ճամբարին

Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութենէն հաղորդած են, թէ ճամբարին այս տարի կը մասնակցին 6–15 տարեկան երեխաներ, ուղեկցութեամբ 38 մասնագէտներու եւ պատասխանատուներու։

Արցախէն բռնի տեղահանուած շուրջ 100 երեխաներ Օգոստոս 11-ին մեկնած են Հունգարիոյ Զանքա քաղաքը՝ մասնակցելու եօթնօրեայ ամառնային ճամբարին։

Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութենէն հաղորդած են, թէ ճամբարին այս տարի կը մասնակցին 6–15 տարեկան երեխաներ, ուղեկցութեամբ 38 մասնագէտներու եւ պատասխանատուներու։

Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու փոխնախարար Տաթեւիկ Ստեփանեան «Զուարթնոց» օդակայանէն ճամբած է փոքրիկները։

Նախարարութենէն տեղեկացուցած են, թէ սոյն ծրագիրը կ՚իրականացուի Հայաստանի եւ Հունգարիոյ կառավարութիւններու միասնական ջանքերով։ Անցեալ տարի ալ Զանքայի ճամբարին մասնակցած էին Արցախէն բռնի տեղահանուած 8–14 տարեկան 120 երեխաներ։

Աղբիւրը` Նոր Յառաջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2025, 07:31