Որոնել

Արխիւային նկար Արխիւային նկար  (ANSA)

Եւրոպական Միութեան 27 անդամներէն 26-ը կը պնդեն` Ուքրանիան պէտք է ինք որոշէ իր ապագան

Եւրոպական Միութեան ղեկավարները փաստաթուղթին մէջ կ՛ողջունեն Թրամփի ջանքերը` դադրեցնելու Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմը, սակայն միեւնոյն ժամանակ կ՛ընդգծեն, որ «կայունութիւն եւ անվտանգութիւն բերող արդար եւ երկարատեւ խաղաղութիւնը պէտք է յարգէ միջազգային իրաւունքը, ներառեալ անկախութեան, գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային սահմանները ուժով փոխելու անթոյլատրելիութեան սկզբունքները»:

Ուքրանիոյ ժողովուրդը պէտք է ազատ ըլլայ որոշելու իր ապագան: Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան ուղին չի կրնար որոշուիլ առանց Ուքրանիոյ: Իմաստալից բանակցութիւններ կրնան տեղի ունենալ միայն զինադադարի կամ զինուորական գործողութիւններու աշխուժութեան նուազման պայմաններուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ն:

Եւրոպական Միութեան անդամ 27 երկիրներէն 26-ին ղեկավարները այս յայտարարութիւնը միասնաբար երէկ կատարած են: Հունգարիան չէ աջակցած Եւրոպական Միութեան խորհուրդի կայքին վրայ հրապարակուած կոչին` Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահներ Տանըլտ Թրամփի եւ Վլատիմիր Փութինի միջեւ 15 օգոստոսին Ալասքայի մէջ նախատեսուած խաղաղութեան բանակցութիւններէն առաջ:

Եւրոպական Միութեան ղեկավարները փաստաթուղթին մէջ կ՛ողջունեն Թրամփի ջանքերը` դադրեցնելու Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմը, սակայն միեւնոյն ժամանակ կ՛ընդգծեն, որ «կայունութիւն եւ անվտանգութիւն բերող արդար եւ երկարատեւ խաղաղութիւնը պէտք է յարգէ միջազգային իրաւունքը, ներառեալ անկախութեան, գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային սահմանները ուժով փոխելու անթոյլատրելիութեան սկզբունքները»:

 

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2025, 08:22