Հինգ տարի անցաւ Լիբանանի նաւահանգիստի պայթումի ողբերգական դէպքէն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգ տարի անցաւ Լիբանանի վերջին պատմութեան ամենաաղետալի պահերէն մէկէն՝ Պէյրութի նաւահանգիստի 2020 թուականի օգոստոս 4ին տեղի ունեցած պայթումէն, որուն հետեւանքով զոհուեցան աւելի քան 200 անձեր, վիրաւորուեցան 700 հոգի ու պայթումի ամբողջ թաղամասը վերածուեցաւ աւերակներու։ Մօտաւորապէս 300 մարդ մնացին անօթեւան։ Հակառակ այս « ողբերգական վիճակին եւ դժուարութիւններուն բազմաթիւ լիբանանցիներ կառչած կը մնան իրենց հաւատքին՝ ցուցադրելով իրենց դիմադրողականութիւնը» այս մասին գրեց «Տառապող եկեղեցւոյ Օգնութիւն» բարեսիրական կազմակերպութիւնը հրապարակելով հաղորդագրութիւնը մը, տարբեր տարիք ունեցող Լիբանանցի Քրիստոնեաներուն հետ զրուցելէ ետք, հարցնելով անոնց թէ ինչպէս ապրեցան պայթումէն ետք եկող տարիները։
Յիշենք, որ 2020 թուականին պայթումէն անմիջապէս յետոյ «Տառապող եկեղեցւոյ Օգնութիւն» կազմակերպութիւնը անմիջապէս տրամադրեց արտակարգ օգնութեան փաթեթներ, որոնց շարքին սնունդ եւ առաջին անհրաժեշտութեան իրեր, ինչպէս նաեւ Ֆինանսական օգնութիւն, Պէյրութի վերակառուցման համար։
Յիշեալ կազմակեպրութիւնը երկարատեւ յարաբերութիւններ ունի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ՝ աջակցելով բազմաթիւ ոլորտներուն մէջ իրականացուող ծրագիրներուն՝ կենսապահական աջակցութիւնէն մինչեւ կրթութիւնը եւ կրօնական դաստիարակութիւնը։
Հաղորդագրութեան մէջ «Տառապող եկեղեցւոյ Օգնութիւն» կազմակերպութիւնը» նշած է կարգ մը Լիբանանցի քրիստոնեաներուն հետ ունեցած զրոյցի պարունակութիւնը։
73 ամեայ Աֆլիֆէհ Պաշիր նշած է որ իր տունը կորսնցնելէ յետոյ տակաւին կը պայքարի կարիքները հոգալու համար ու ինքզինք անապահով կը զգայ։ Պայթումի ժամանակ 16 ամեայ Մարուն Էլ Խավանտ յիշած է թաղամասի աւերածութիւնները եւ հոգեբանական դժուարութիւնները բայց վճռականօրէն տրամադրուած է վերադառնալ եւ վերականգնել իր երկիրը։ Արքեպիսկոպոս Ժուլ Պութրոս ընդգծած է «խաւարի մէջ լոյս» ըլլալու Քրիստոնեաներուն դերը, յոյս բերելով Քրիստոսի հանդէպ հաւատքի միջոցաւ։
«Տառապող եկեղեցւոյ Օգնութիւն» կազմակերպութեան Լիբանանի մէջ ներկայացուցիչ Մարյէլ Պութրոս, զգուշացուց որ Լիբանանին մէջ յոյսը դեռ հեռու է, եւ որ տնտեսական, քաղաքական եւ անվտանգութեան իրավիճակը կը շարունակուի մնալ մարտահրաւէրային, ու տնտեսական ճգնաժամը, բազմաթիւ երիտասարդներուն արտագաղաթը եւ արդարադատութեան բացակայութիւնը կը շարունակէ ծանրաբեռնել բնակչութիւնը, որ կանգնած է անորոշ ապագային առջեւ, բայց ունի դիմադրելու կամքը եւ բարելաւման յոյսը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ