Նախագահ Աուն. «Զէնքի մենաշնորհումը, հակառակ դժուարութիւններուն ու խոչընդոտներուն, պիտի իրականանայ»
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտնեց. «Զէնքի մենաշնորհումը, հակառակ դժուարութիւններուն ու խոչընդոտներուն, պիտի իրականանայ, եւ կը սպասենք զէնքի մենաշնորհման վերաբերեալ լիբանանեան բանակի ծրագիրին` զայն քննարկելու եւ վաւերացնելու համար»: Ան երէկ այս մասին յայտարարեց «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին:
«Պետութեան զէնքի մենաշնորհի իրականացումը Լիբանանի իրաւունքներուն եւ գերիշխանութեան չի վնասեր», նշեց նախագահը:
«Կառավարութեան այսօրուան նիստը պիտի շարունակէ զէնքի մենաշնորհումը գործադրելու որոշումներու որդեգրումը, եւ մենք հաստատ քայլերով յառաջ կ՛ընթանանք երդման ճառի եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի կէտերուն գործադրութեան ուղղութեամբ», ըսաւ ան:
«Ամերիկեան փաստաթուղթի գործադրութիւնը կը պահանջէ Սուրիոյ եւ Իսրայէլի համաձայնութիւնը` ամերիկեան եւ ֆրանսական երաշխիքներով», յայտնեց հանրապետութեան նախագահը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ