ՄԱԿ-ին կոչը. Իսրայէլը պէտք է դադրեցնէ Կազան գրաւելու ծրագիրը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Իսրայէլի եւ Համաս-ի միջեւ հակամարտութիւնը լարուած վիճակի մէջ է՝ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ հաստատուած Կազան լիակատար կերպով գրաւելու որոշումով։ Այս ծրագիրը կը նախատեսէ Կազա քաղաքը շրջափակել, մօտաւորապէս մէկ միլիոն բնակիչներ բռնի տեղահանել՝ խախտելով միջազգային իրաւունքը եւ ՄԱԿ-ի բանաձեւերը եւ վտանգ հանդիսանալով յետագայ տեղահանութիւններուն, զոհերուն եւ տառապանքներու, 23 ամիս տեւած պատերազմէն արդեն տուժած քաղաքացիական բնակչութեան համար։
ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներուն գերագոյն յանձնակատար, Վոլկր Լուրք յորդորեց Իսրաէլը անյապաղ դադրեցնելու այս գործողութիւնը՝ ընդգծելով որ անիկա կը խախտէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի պահանջները եւ կը խաթարէ երկու պետութիւններու լուծումի գաղափարը։
Իսրաէյի կառավարութիւնը կը պնդէ, որ այդ գործողութեան նպատակն է զինաթափել համասը, ազատ արձակել պատանդները եւ հաստատել վերահսկողութեան վարչակարգը։
Արդարեւ՝ Իսրայէլի ռազմական քաղաքական ուժերու միջեւ կայ լուրջ անհամաձայնութիւն. Իսրաէլի պաշտպանութեան բանակի շտապի զօրապետ Էյալ Զամին մտահոգութիւն յայտնեց հետեւանքներուն ծանրութեան վերաբերեալ, մինչդեռ հակառակորդները, ինչպէս Եէր Լափիտ քննադատեց ռազմավարութիւնը զայն նկատելով աղէտալի եւ վնասակար, պատանդներու եւ ազգային անվտանգութեան համար։
Միջացգային մակարդակի վրայ, Չինաստանը, Արաբական Սաուտիէն, Թուրքիան եւ Սուտանը խստօրէն դատապարտեցին գործողութիւնը եւ կոչ ըրին դադրեցնելու բռնի տեղահանումները եւ մարդու իրաւունքներու խախտումները։
Մինչ Միջազգային ընտանիքը կոչ յղեց դադրեցնելու պատերազմը, յարգելու մարդասիրական եւ միջազգային իրաւունքներու օգնութիւնը։ Իր կարգին Գերմանիան կոչ ըրաւ դադրեցնելու զէնքի արտահանումը դէպի Իսրայէլ, Իսկ Եւրոպական յանձնաժողովը հրաւիրեց Իսրայէլը վերանայելու իր որոշումները եւ երաշխաւորելու մարդասիրական օգնութիւնը Կազայի մէջ։
Նշենք, թէ ներկայ ժամանակներուն Կազայի մէջ արձանագրուած է սովի եւ թերսնման լուրջ աճ։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն Յուլիս ամսուայ ընթացքին երեխաներուն շրջանակէն ներս արձանագրուած է թերսնման ամենաբարձր մակարդակը, իսկ սնունդի հետ կապուած մտահոգութիւններու թիւը բարձրացած է։ Մարդասիրական իրավիճակը աւելի վատթարացած է՝ սրելով ճգնաժամը՝ արդեն պատերազմներէն տուժած տարածքներու մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ