Որոնել

Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը  (AFP or licensors)

Հիփեր. «Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը, անոր լիազօրութեան հաւանական փոփոխութիւնները պիտի քննարկուին Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ:

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը, անոր լիազօրութեան հաւանական փոփոխութիւնները պիտի քննարկուին Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ: Այս մասին ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն ըսած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բանբեր Անիթա Հիփեր:

«Առաքելութեան լիազօրութիւնն է վերահսկել եւ զեկուցել հայ-ազրպէյճանական սահմանի հայկական կողմին վրայ տիրող կացութեան մասին», ըսած է ան` նշելով, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախաստորագրումը եւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` կարելի եղածին չափ շուտ ստորագրելու եւ վաւերացնելու զայն:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2025, 10:00