Որոնել

Կազա Կազա  (ANSA)

Իսրայէլ Կազա քաղաքը բռնագրաւելու ծրագիր մը որդեգրեց

Նեթանիահու յայտնած է. «Կազայի մէջ ներկայ ձեւով գործողութիւնները ձախողած են, եւ առեւանգեալներու տունդարձին չյանգեցուցին»` ընդգծելով, որ Իսրայէլ «կ՛ուզէ Համաս շարժումը պարտութեան մատնել եւ ոչ թէ անմահացնել»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը երէկ արշալոյսին յայտարարեց, թէ նախարարաց սեղմ խորհուրդը ամբողջ Կազան գրաւելու աւելի ընդարձակ ծրագիրի մը ծիրին մէջ որդեգրած է Կազա քաղաքը «վերահսկողութեան տակ առնելու» որոշում մը:

«Ետիոթ Ահրոնոթ» հաղորդեց, որ  Նեթանիահու յայտնած է. «Կազայի մէջ ներկայ ձեւով գործողութիւնները ձախողած են, եւ առեւանգեալներու տունդարձին չյանգեցուցին»` ընդգծելով, որ Իսրայէլ «կ՛ուզէ Համաս շարժումը պարտութեան մատնել եւ ոչ թէ անմահացնել»:

Նեթանիահու ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ նպատակ չունի Կազան պահել եւ անոր իշխել, այլ Իսրայէլ կ՛ուզէ զայն յանձնել արաբական ուժերու, որոնք «իրեն չեն սպառնար»:

«Իսրայէլ Հայոմ» նշեց, որ նախարարաց սեղմ խորհուրդի քննարկումները տեւած են 10 ժամ: Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռը իր կարգին նշեց, թէ Կազան գրաւելու որոշումը որդեգրուած է հակառակ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիրի զգուշացումներուն:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/08/2025, 08:43