Որոնել

2025.03.11 Lettera per i prigionieri armeni a Baku

Պաքուի մէջ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու դատավարութիւնը կը շարունակուի

Պաքուի մէջ ընթացող այս դատավարութիւնները իրականութեան մէջ բաց չեն. անոնց միջազգային իրաւապաշտպաններ, փաստաբաններ եւ լրագրողներ ներկայ չեն ըլլար, առ այդ, ատրպէյճանական հիմնականին մէջ պետական լրատուամիջոցներու հաղորդած տեղեկութիւնները ճշդելու կարելիութիւն չկայ։

Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ, 4 Օգոստոսին շարունակուեցաւ Արցախի նախկին քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներու դատավարութիւնը։

Ըստ «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութեան՝ վերոնշեալ դատական նիստին ընթացքին հարցաքննուեցան Մինկեչաուրի կարգ մը բնակիչներ։ Անոնք պնդեցին, թէ իրենք բնասներ ստացած են 2020ի 44օրեայ պատերազմին ընթացքին, հայկական կողմի ռմբակոծումներուն պատճառով։

Նոյն քաղաքի բնակիչ մը պնդեց, որ 4 Հոկտեմբեր 2020ի ռմբակոծումէն լրջօրէն քանդուած է իր երկյարկանի տունը։ Ըստ անոր՝ հայկական զօրքերը Մինկեչաուրի ուղղութեամբ «Սմերչ» համազարկային կրակի համակարգը գործածած են։

Յիշեցնենք, որ Պաքուի մէջ ընթացող այս դատավարութիւնները իրականութեան մէջ բաց չեն. անոնց միջազգային իրաւապաշտպաններ, փաստաբաններ եւ լրագրողներ ներկայ չեն ըլլար, առ այդ, ատրպէյճանական հիմնականին մէջ պետական լրատուամիջոցներու հաղորդած տեղեկութիւնները ճշդելու կարելիութիւն չկայ։

Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ տակաւին կը պահուին 23 հայեր ։ Գերի տարուողներու շարքին են արցախցի 8 պաշտօնեաներ՝ նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, Արայիկ Յարութիւնեան, Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականան, պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեան եւ արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեան։

Պաքու Արցախի նախկին պաշտօնեաներուն դէմ առաջադրած է ծանր մեղադրանքներ՝ ահաբեկչութենէն մինչեւ ապօրինի զինուած խմբաւորումներու կազմութիւն։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2025, 07:04