Կազա. Միայն Յուլիսին յայտնաբերուած են 12,000 խիստ թերսնուած երեխայ. ԵՈՒՆԻՍԷՖ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Կազայի մէջ սուր թերսնումէն տառապող երեխաներու թիւի աճը ապշեցուցիչ է։ Այս տարուայ Փետրուարին անորմէ տուժած էին 2,000 երեխայ։ Յունիսին այդ թիւը եռապատկուած էր, իսկ այժմ գրեթէ կրկնապատկուած։ Ասիկա յստակ ապացոյց է, որ թերսնումը արագօրէն կը յառաջանայ՝ երիտասարդ կեանքերը լուրջ վտանգի տակ դնելով։ Այս վատթարացման ժամկէտը մեծապէս մտահոգիչ է և կը պահանջէ անյապաղ, լայնածաւալ արձագանք» Այս է այն ինչ որ կը գրէ ԵՈՒՆԻՍԷՖը ահազանգելով Կազայի մէջ տիրող ահռելի կացութեան բերումով յառաջացած մարդասիրական ճգնաժամին։
«Մենք գիտենք, թէ ինչպէս կանխել և բուժել թերսնումը։ Գործիքները գոյութիւն ունին։ Մասնագիտութիւնը գոյութիւն ունի։ Բայց առանց անվտանգ և կայուն հասանելիութեան անոնք անօգուտ են։ Կազայի երեխաները կարիքը ունին լայնածաւալ օգնութեան և հրադադարի անյապաղ հասանելիութեան։ ՀԻՄԱ։
Սննդամթերքի օգնութիւնը պէտք է անյապաղ հասնի երեխաներուն, նախքան որ աւելի շատ կեանքեր կորստեան մատնուին» կը հաստատէ ԵՈՒՆԻՍէՖ-ը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ