Որոնել

Հիրոշիմայի մէջ Հիւլէական ռմբակոծման 80-Ամեակի ոգեկոչում Հիրոշիմայի մէջ Հիւլէական ռմբակոծման 80-Ամեակի ոգեկոչում 

Հիրոշիմայի մէջ Հիւլէական ռմբակոծման 80-Ամեակի ոգեկոչում

Հիրոշիմայի քաղաքապետ Մացուի Քացումի Խաղաղութեան յուշահամալիրի գերեզմանատան մէջ հրապարակած է զոհերու թարմացուած ցուցակը, որ այժմ կը ներառէ 349.246 անուն, ներառեալ 4940 մարդիկ, որոնք մահացած են կամ մահացած հաստատուած են վերջին 12 ամիսներու ընթացքին:
Ունկնդրէ լուրը

Ճափոնի բնակիչները կ՛ոգեկոչեն Հիրոշիմայի հիւլէական ռմբակոծման 80-ամեակը: Միացեալ Նահանգներու կողմէ հիւլէական ռումբը նետուած է 6 օգոստոս 1945-ի առաւօտեան` ժամը 8:15-ին: Պայթումին յառաջացուցած ջերմութիւնն ու ճառագայթումը աւերած են քաղաքը, իսկ 1945 թուականի վերջին այդ հարուածէն զոհերուն թիւը հասած է 140.000-ի: Այս մասին կը գրէ ճափոնական «էն.էյչ.քէյ.օր.» կայքը:

Այս ողբերգութենէն վերապրածներէն շատեր կը տառապին քաղցկեղէ եւ ճառագայթահարման առնչուած այլ հիւանդութիւններէ: Այս տարի յիշատակի արարողութեան մասնակցած է շուրջ 55000 մարդ, ներառեալ 120 երկիրներու եւ շրջաններու պաշտօնատարներ:

Հիրոշիմայի քաղաքապետ Մացուի Քացումի Խաղաղութեան յուշահամալիրի գերեզմանատան մէջ հրապարակած է զոհերու թարմացուած ցուցակը, որ այժմ կը ներառէ 349.246 անուն, ներառեալ 4940 մարդիկ, որոնք մահացած են կամ մահացած հաստատուած են վերջին 12 ամիսներու ընթացքին:

Ճափոնի վարչապետ Իշիպա Շիկերուն նոյնպէս արարողութեան ընթացքին խօսք արտասանելով յայտարարած է իր երկրին յանձնառութիւնը` առանց հիւլէական զէնքի աշխարհ ունենալու հարցին նկատմամբ:

Ներկայիս հիւլէական ռումբի պայթումէն վերապրածներուն թիւը 100.000-էն ալ նուազ է: Անոնց միջին տարիքը 86 տարեկանէն վեր է:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2025, 09:36