Իտալիա. «Թուրիզմօ Իտալիա նիւզ» ը՝ Գառնիի տաճարի մասին
Իտալական «Թուրիզմօ Իտալիա նիւզ» պարբերականը ընդարձակ յօդուած մը հրապարակած է Գառնիի հեթանոսական տաճարի մասին։
Յօդուածի հեղինակները անդրադառնալով այս յուշարձանի բացառիկ արժէքին, նշած են որ անիկա Կովկասի ամենատպաւորիչ հնագիտական վայրերէն մէկն է, միաժամանակ Հայաստանի մէջ պահպանուած հեթանոսական միակ տաճարը։ Անոնք նաեւ Գառնին նկարագրած են որպէս հին ամրոց մը, ուր կը միահիւսուին հազարաւոր տարիներու պատմութիւնը, կրօնական աւանդութիւններն ու բնական գեղեցկութիւնը։
«Գառնին պարզապէս ճարտարապետական յուշարձան մը չէ։ Անիկա իսկական ճանապարհորդութիւն է դարերու եւ քաղաքակրթութիւններու ընդմէջէն։ Բոլոր անոնք, որոնք կը փնտռեն զբօսաշրջական իսկական փորձառութիւն մը՝ անձեռնմխելի բնութեան ու պատմական հարուստ ժառանգութեան մէջ անպայման հո՛ս թող այցելեն», եզրակացուցած է յօդուածը։
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ