Իրանը, Ֆրանսան, Գերմանիան, Բրիտանիան եւ Եւրոպական Միութիւնը համաձայնած են երեքշաբթի օր հանդիպում ունենալ
Երեք եւրոպական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներն ու Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը 22 օգոստոսին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ-ն:
Զրոյցի ընթացքին բացատրուած է Իրանի իսլամական հանրապետութեան դիրքորոշումը այսպէս կոչուած «Սեթպաք» մեքանիզմին վերաբերեալ եւ այդ հարցին մէջ եւրոպական եռեակին ու Եւրոպական Միութեան պատասխանատուութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է այդ երկիրներուն համար նշուած մեքանիզմը օգտագործելու իրաւական եւ բարոյական իրաւունքներու բացակայութիւնը եւ զգուշացուցած նման քայլի հետեւանքներուն մասին:
Արաղչի յայտարարած է. «Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, վճռականօրէն գործելով ինքնապաշտպանութեան համար, երբեք չէ հրաժարած դիւանագիտութեան ուղիէն եւ պատրաստ է որեւէ դիւանագիտական լուծումի, որ կ՛երաշխաւորէ Իրանի ժողովուրդին իրաւունքներն ու շահերը»:
Ի պատասխան եւրոպական կողմի դիւանագիտութեան աւելի ժամանակ տրամադրելու համար թիւ 2231 բանաձեւը երկարաձգելու առաջարկին, իրանեան դիւանագիտութեան պետը նշած է. «Ատիկա որոշում մըն է, որ նախ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է որդեգրէ»:
Ան աւելցուցած է. «Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը, հակառակ այդ հարցին վերաբերեալ ունեցած իր սկզբունքային դիրքորոշումներուն ու տեսակէտներուն, պիտի չմիջամտէ այդ հոլովոյթին»:
Բացի ատկէ, «Մեհր» կը հաղորդէ, որ կողմերը համաձայնած են երեքշաբթի օր արտաքին գործոց փոխնախարարներու մակարդակով հանդիպում ունենալ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ