Իսրայէլ Կազայի հատուածին մէջ սպաննեց հինգ լրագրողներ - ՄԱԿ-ին ահազանգը
Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժանմունք
Այլ մէկ իսրայէլական կոտորած Կազայի մէջ, ուր Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յարձակած է Կազայի հատուածին մէջ «Ալ-Շիֆա» հիւանդանոցի մօտ գտնուող լրագրողներու վրանին վրայ սպաննելով Al Jazeera հեռուստակայանի հինգ պաշտօնեաներ երկու երկու թղթակից եւ երեք նկարահանող։
Իսրայէլեան կողմի համաձայն անոնք ահաբեկիչներ էին բայց հանրային կարծիքը համաձայն չէ այս տեսակէտին որ քննադատութեան արժանացաւ նաեւ ՄԱԿ-ի կողմէ ինչպէս նաեւ լրագրողներու ընկերակցութիւններու ու միջազգային հասարակութեան կողմէ։
Եւրոմիութիւնը Իսրայէլէն պահանջեց ապացոյցներ ներկայացնել, իսկ ՄԱԿ-ը՝ անկախ և անաչառ հետաքննութիւն խնդրեց՝ միջադէպի հանգամանքները պարզաբանելու համար։
«Մենք նկատի կ՜առնենք Իսրայէլի պնդումները, որ խումբը կազմուած էր Համասի ահաբեկիչներէն, սակայն նման դէպքերուն պէտք է ներկայացուին յստակ ապացոյցներ՝ օրէնքի գերակայութեան համաձայն, որպէսզի կանխուի լրագրողների թիրախաւորումը», - ըսաւ այս առնչութեամբ ԵՄ գերագոյն ներկայացուցիչ Կայա Կալլասը` Մերձաւոր Արևելքի վերաբերեալ իր ելոյթին մէջ արտգործնախարարներու տեսաժողովի ժամանակ։
Մինչ այդ Կազայի մէջ մեծ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ մարդասիրական ճգնաժամը ուր երեք հարիւր հազար մանուկներ, ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն, զոհ են ծայրայեղ թերսնումի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ