Որոնել

Նիկոլ Փաշինեանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի Նիկոլ Փաշինեանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի  (AFP or licensors)

Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ ստորագրուած հռչակագիրին բնագիրը

Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումին

Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումին ընթացքին ստորագրուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին միջեւ միացեալ հռչակագիր մը` Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման բովանդակութեան մասին:

Ստորեւ՝ այդ հռչակագիրին բնագիրը.

«Մենք` Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը, 8 Օգոստոս 2025ին՝ հանդիպելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, կը հռչակենք հետեւեալը.

«1. Մենք եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Ճ. Թրամփ ականատես եղանք Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրի համաձայնեցուած բնագիրի նախաստորագրութեան՝ կողմերու արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ: Ըստ այդմ, մենք ընդունեցինք Համաձայնագիրին ստորագրութիւնը եւ վերջնական վաւերացման հասնելու ուղղութեամբ հետագայ գործողութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը եւ ընդգծեցինք մեր երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան պահպանման ու ամրապնդման կարեւորութիւնը:

«2. Մենք ականատես եղանք նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ Եւրոպայի մէջ ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ)` ԵԱՀԿի Մինսքի գործընթացին գծով եւ անոր կից կառուցակարգերու լուծարման վերաբերեալ միացեալ դիմումի ստորագրութեան: Մենք կոչ կ՛ուղղենք ԵԱՀԿի բոլոր մասնակցող պետութիւններուն՝ ընդունելու այս որոշումը:

«3. Մենք վերահաստատեցինք ներպետական, երկկողմ եւ միջազգային փոխադրութիւններու համար երկու երկիրներուն միջեւ հաղորդակցութիւններու ուղիներու բացման կարեւորութիւնը` պետութիւններու գերիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ իրաւազօրութիւնը յարգելուն վրայ հիմնուած, տարածաշրջանին մէջ եւ անոր դրացնութեամբ խաղաղութիւնը, կայունութիւնը եւ բարգաւաճումը խթանելու նպատակով: Այս ջանքերը պիտի ներառեն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հիմնական մասին եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով անխոչընդոտ հաղորդակցութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան համար միջազգային եւ ներպետական հաղորդակցութեան փոխադարձ առաւելութիւններով:

«4. Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի աշխատի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ փոխադարձաբար համաձայնեցուած երրորդ կողմերու հետ` Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ «Թրամփի ճամբան` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» («Trump Route for International Peace and Prosperity» (TRIPP)) հաղորդակցութեան ծրագիրի իրականացման շրջանակը սահմանելու նպատակով: Մենք կը հաստատենք մեր վճռականութիւնը բարեխղճօրէն ձեռնարկելու բոլոր միջոցներու` սոյն նպատակին կարելի եղածին չափ արագ կերպով հասնելու համար:

«5. Մենք կ՛ընդունինք անցեալի հակամարտութեամբ չկանխորոշուած, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կանոնադրութեան եւ 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին համապատասխան պայծառ ապագայի մը ուղի նախանշելու անհրաժեշտութիւնը: Մարդկային անասելի տառապանքներ պատճառած հակամարտութենէն ետք, մեր ժողովուրդներուն համար ստեղծուած են վերջապէս բարիդրացիական յարաբերութիւններու սկսելու պայմաններ` միջազգային սահմաններու անքակտելիութեան եւ տարածքներ ձեռք բերելու նպատակով ուժի կիրարկման անթոյլատրելիութեան սկզբունքներուն վրայ հիմնուած: Այս իրողութիւնը, որ ենթակայ չէ եւ երբեք պէտք չէ ենթակայ ըլլայ վերանայման, ճամբայ կը հարթէ մեր երկու ժողովուրդներուն միջեւ թշնամութեան էջը փակելու: Մենք վճռականօրէն կը մերժենք եւ կը բացառենք վրէժխնդրութեան որեւէ փորձ ներկայիս եւ ապագային:

«6. Մենք կ՛արտայայտենք մեր համոզումը, որ այս վեհաժողովը ամուր հիմք է փոխադարձ յարգանքի եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը յառաջ մղելու համար:

«7. Մենք խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Ճ. Թրամփին այս կարեւոր վեհաժողովը հիւրընկալելուն եւ ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ անոր նշանակալի ներդրումին համար:

«Սոյն Հռչակագիրը ստորագրուած է  8 Օգոստոս 2025ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ»։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/08/2025, 09:36