Ուաշինկթըն եւ Փարիզ քննարկեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն ապահովելու հարցը
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոէլ Պարօ ունեցան հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին, այլ նիւթերու կողքին, քննարկեցին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութիւն ապահովելու հարցը:
Ուաշինկթընի հաղորդագրութեան մէջ քննարկումէն մանրամասնութիւններ չկան: Ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներու`Միացեալ նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այս Ուրբաթ, Ուաշինկթընի մէջ պիտի ընդունի Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարները:
Հայաստանի կառավարութիւնը ո՛չ հերքեց, ոչ ալ հաստատեց այս տեղեկութիւնը:
Ռուպիօ եւ Պարօ, ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան, նաեւ քննարկեցին Կազայի մէջ մարդասիրական իրավիճակը եւ զինադադարի հասնելու ջանքերը, Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմը, ինչպէս նաեւ Սուտանի մէջ շարունակուող հակամարտութիւնը:
Անոնք վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը` ապահովելու, որ Իրան երբեք հիւլէական զէնք չմշակէ կամ ձեռք չբերէ:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ