Որոնել

Palestinians inspect the site of an overnight Israeli strike on a tent, in Gaza City

ՄԱԿ կը զգուշացնէ Կազայի աղէտալի իրավիճակէն

ՄԱԿ-ի բանբեր Սթեֆան Տոճարիք կը շեշտէ մարդասիրական միութիւններուն մէջ աշխատողներուն Կազզա պարէնային օգնութիւններ հասցնելու թոյլատրութեան անհրաժեշտութիւնը, յայտնելով, որ ներկայիս Կազզայի մէջ կը գտնուի 2, 1 միլիոն մարդ, որոնց կէսը մանուկներ են։
Ունկնդրէ լուրը

Իսրայէլի կողմէ իրագործուած ցեղասպանութեան եւ սովի պատերազմին լոյսին տակ, ՄԱԿ-ի մարդկային հարցերու համակարգման գրասենեակը կը զգուշացնէ Կազզայի իրավիճակէն, որ շրջանցած է աղէտի մակարդակը։ Այս մասին կը յայտնէ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը։

ՄԱԿ-ի յիշեալ գրասենեակը կը շեշտէ, որ զոհերուն թիւը օրական կ’աւելնայ՝ ներառնելով սովամահ դարձացներ։ Ապա աւելցնելով կ՚ըսէ, որ նախորդ շաբաթ աւելի քան 80 խոհանոց շուրջ 380.000 կերակուր տրամադրեց Կազզայի հիւսիսային եւ հարաւային բաժիններուն, սակայն քանակը բաւարար չէր ժողովուրդին բոլոր պէտքերը հոգալու համար։

Այս առիթով ՄԱԿ-ի բանբեր Սթեֆան Տոճարիք կը շեշտէ մարդասիրական միութիւններուն մէջ աշխատողներուն Կազզա պարէնային օգնութիւններ հասցնելու թոյլատրութեան անհրաժեշտութիւնը, յայտնելով, որ ներկայիս Կազզայի մէջ կը գտնուի 2, 1 միլիոն մարդ, որոնց կէսը մանուկներ են։

Աղբիւրը Գանձասար 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2025, 07:57