Ի՞նչպէս կը տնտեսենք մեր ժամանակը
Հովուական պաշտօնավարութեանս շրջանին ունեցած եմ ծխականներ որոնք ենթակայ եղած են բժշկական սխալ ախտաճանաչումներու: Մասնագէտ բժիշկներ, առաւելագոյն վեց ամսուայ կեանք տուած են անոնց: Այդ մարդոցմէ ոմանք ապրեցան երկար տարիներ եւ իրենց աչքերը փակեցին խոր ծերութեան մէջ:
Բժշկական սխալ ախտաճանաչումներ իրենց թէ՛ վնասակար եւ թէ օգտակար ազդեցութիւնները ունեցած են այսպէս կարծուած մահամերձ հիւանդներու կեանքին վրայ: Վնասակար ազդեցութիւնը այն եղած է, որ բժիշկի ախտաճանաչումը վախ եւ սարսափ պատճառած է հիւանդներուն եւ ժխտական իմաստով ազդած է անոնց, ինչպէս նաեւ իրենց հարազատներու, ազգականներու եւ բարեկամներու կեանքին: Օգտակար եւ բարերար ազդեցութիւնը այն եղած է, որ անոնք իրենց մնացեալ սահմանափակ օրերը նկատի ունենալով՝ աշխատած են նոր հայեացքով նայիլ իրենց կեանքին ու կենցաղին նոր որոշումներ առնելով, իրենց կեանքը Աստուծոյ եւ մարդոց ծառայութեան նուիրելով:
Ժամանակի տնտեսութեան նկատմամբ հետեւեալ նշմարները կ՛ուզենք ներկայացնել.
Առաջին. ժամանակը աստուածային պարգեւ մըն է, որ պէտք է երախտագիտութեամբ ընդունինք եւ վայելենք: Աստուած մեզի տուած է տեսանելի եւ անտեսանելի, շօշափելի եւ ոչ շօշափելի պարգեւներ: Կեանքը անտեսանելի, բայց ապրուած ամենօրեայ պարգեւ մըն է: Մեր ժամանակը. պարգեւ մըն է, որ առիթ կ՛ընծայէ մեզի ապրելու, մեծնալու, սիրելու, յարաբերութիւններ մշակելու եւ մեր կեանքը արժեւորելու: Ի զուր չէ որ Սաղմոսերգուն կը գրէ. «Ահա՛ւասիկ այն օրը՝ որ Տէրը ստեղծեց. խայտանք եւ ուրախանանք անոր մէջ» (Սաղմ. 118.24): Յիրաւի, ժամանակը Աստուծոյ առատաձեռն նուէրն է բոլոր մարդոց անխտիր: Ամէն ապրող էակ 60 երկվայրկեան ունի ամէն վայրկեանի մէջ, 60 վայրկեան՝ ամէն ժամի մէջ եւ 24 ժամ՝ ամէն օրուան մէջ: Ոչ ոք զրկուած է ժամանակի առանձնաշնորհումէն: Ժամանակը աստուածատուր պարգեւ մըն է, ինչպէս Աստուծոյ մեզի տուած ուրիշ պարգեւները ու շնորհները, որոնց համար կոչուած ենք տնտես ըլլալու: Ուրեմն, իմաստութեամբ տնտեսելու ենք մեր ժամանակը: Ամէն օր, Սաղմոսերգուին նման, աղօթելու ենք․ «Այնպէս սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, որ սրտի իմաստութիւն ստանանք» (Սաղմ. 90. 12):
Երկրորդ, ժամանակը իմաստութեամբ գործածելու ենք, որովհետեւ ան սահմանափակ է: Ժամանակի կարճատեւ ըլլալը մեզ զգաստ եւ իմաստուն դարձնելու է, որ ընդունայն չվատնենք զայն: Յակոբոս առաքեալ կը յիշեցնէ մեզի․ «Կեանքը ի՞նչ է եթէ ոչ շոգի մը, որ քիչ մը ատեն կ՛երեւնայ ու ետքը կ՛ոչնչանայ» (Յակ. 4. 15):
Աստուածաշունչ Մատեանը կեանքը կը նմանեցնէ բողբոջող ծաղիկի մը, կամ դաշտի մէջ բուսնող խոտի մը, որ պահ մը կը մեծնայ, բայց շուտով կը խամրի եւ կը մեռնի: Դժբախտաբար, շատերու կեանքը կը նմանի մեծցող, խամրող եւ փճացող խոտերու: Այդ տեսակ կեանք մը միայն վատնուած կեանք մըն է: Այդ պատճառով է որ Պօղոս առաքեալ կը պատուիրէ. «Ուստի նայեցէք թէ ի՛նչպէս զգուշութեամբ պիտի քալէք, ոչ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս. ժամանակը ծախու առէք, վասն զի օրերս չար են» ( Եփես. 5.16 ):
Այս կեանքի մէջ շատեր չեն սորված իրենց ժամանակը տնտեսել: Ոմանք զայն կը գործածեն ուրիշները շահագործելով, նուաստացնելով, բամբասանքով ու չարախօսութեամբ: Ուրիշներ՝ պարապ բաներով կը վատնեն իրենց սուղ ժամանակը: Եւ դեռ ուրիշներ, անփոյթ յետաձգումներով, այսօրուան գործը՝ վաղուան ձգելով եւ ապագայի մասին ծրագիրներ շինելով առանց նկատի ունենալու անստոյգ ապագան: Յակոբոս առաքեալ կը զգուշացնէ քրիստոնեաները գրելով․ «Դուք վաղը չէք գիտեր» (Յակ. 4.14):
Այս աշխարհի մէջ կարգ մը բաներ կան, որոնք կրնանք պահել, կան նաեւ կարգ մը ուրիշ բաներ, որոնք անհնար է պահել: Օրինակ, դրամը կրնանք պահել, շահարկել եւ գործածել: Բայց ժամանակը չենք կրնար պահել, ոչ ալ կրնանք զայն փոխարինել: Աստուծոյ կամքը այն է, որ մեզի տրուած ժամանակը պէտք է ըստ արժանւոյն գործածենք, զինք պաշտելով, իր ստեղծած արարածները սիրելով եւ անոնց ծառայելով, եւ մանաւանդ Աստուծոյ մօտեցնելով բոլոր անոնք, որ չեն ճանչցած իր փրկարար սէրը:
Երրորդ, ժամանակը սկզբնաւորութիւնն է յաւիտենականութեան: Յիսուս յայտարարեց․ «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան Քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ, ու Յիսուս Քրիստոս զոր Դուն ղրկեցիր» (Յովհ. 17. 3): Յաւիտենական կեանքը, կը սկսի Քրիստոսի հետ մեր սկսած նոր յարաբերութեամբ, որովհետեւ ինք եկաւ կեանք եւ աւելի կեանք բերելով, այսինքն յաւիտենական կեանք՝ անոնց որոնք կ՛ընդունին զինք, որպէս իրենց Տէրն ու Փրկիչը:
Երբ անձ մը Սուրբ Հոգիին կոչին հնազանդի եւ որոշէ Քրիստոսի աշակերտել՝ Աստուծոյ կամքը կատարած կ՛ըլլայ: Իր կեանքի այդ շրջադարձը օրհնեալ ժամանակ մըն է իրեն համար: Այդ տեսակ անձ մը արդէն յաւիտենական կեանքի մէջ մտած է եւ թէ՛ ապրի եւ թէ մեռնի Աստուծոյ զաւակն է. իր Տիրոջ հետ անվերջ եւ անվախճան կեանք մը պիտի ունենայ: Այս տեսակ անձ մը իր ժամանակին տնտեսն է. իր ժամանակը իմաստութեամբ կը գործածէ իր եւ իր նմաններու բարօրութեան համար:
Երբեք մոռնալու չենք որ ժամանակը Աստուծոյ պարգեւն է մեզի, որուն համար համարատու ենք Իրեն: Դժբախտաբար, մեզմէ ոմանք անպատասխանատու եւ անհաւատարիմ տնտեսներ եղած են իրենց ժամանակին: Կարգ մը մարդիկ իրենց ժամանակը վատնած են անկարեւոր եւ աննպատակ բաներով: Ուրիշներ, ունայն տեղ ժամավաճառ եղած են անպէտ եւ քանդիչ բամբասանքներով, բարոյազուրկ եւ նուաստացուցիչ արարքներով, անփութութեամբ եւ ծուլութեամբ: Եւ դեռ ուրիշներ, իրենց ժամադրութիւնները չյարգելով ուրիշներու ժամանակը գողցած են:
Վերջին Դատաստանի օրը, Արդար Դատաւորը պիտի հարցնէ․ «Ի՞նչպէս տնտեսեցիր ժամանակդ. պատրա՞ստ ես ժամանակիդ տնտեսութեան հաշիւը տալու»:
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ