Սպանիոյ Ալպորայա քաղաքը նոյնպէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Սպանիոյ Վալենսիա նահանգի Ալպորայա քաղաքը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կը հաղորդէ orer.eu կայքը։ Ալպորայան դարձաւ Սպանիոյ 43րդ քաղաքը, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Քաղաքապետական խորհուրդի 6 կուսակցութիւնները միաձայնութեամբ կողմ քուէարկեցին Սպանիոյ «Արարատ» հայկական միութեան միջնորդագիրին հիման վրայ «Քոմփրոմիս» կուսակցութեան ներկայացուցած յայտարարութեան։
Նշեալ կուսակցութեան խօսնակ Քոնչա Վիյենա Սիէրա ժողովին ընթացքին հակիրճ կերպով ներկայացուց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, կարեւոր համարելով քաղաքին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը։ Միւս կուսակցութիւններու խօսնակները նոյնպէս դատապարտեցին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը եւ կարեւոր համարեցին աշխարհի բոլոր երկիրներուն կողմէ անոր ճանաչումը ու Թուրքիոյ կողմէ վնասուց հատուցումը։
Քաղաքապետական խորհուրդի անդամները նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին օգնելու Սպանիոյ հայ համայնքին` հարցը հասցնելու այլ կառավարութիւններու եւ յատկապէս՝ Սպանիոյ խորհրդարանին։
Նիստին մասնակցած «Արարատ»ի նախագահ Արարատ Ղուկասեան այս քայլին համար շնորհակալութիւն յայտնեց:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ