Թրամփ. «Քիեւն ու Մոսկուան ստիպուած պիտի ըլլան պատերազմի աւարտի համար տարածքներ զիջելու»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Քիեւն ու Մոսկուան երկուքն ալ ստիպուած պիտի ըլլան Ուքրանիոյ պատերազմը աւարտելու համար տարածքներ զիջելու:
Անոր համաձայն, այս ուրբաթ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւնները ցոյց պիտի տան, թէ Քրեմլինի ղեկավարը պատրա՞ստ է համաձայնութեան:
Թրամփ Սպիտակ տան մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, խօսելով Փութինի հետ նախատեսուող հանդիպումին մասին, ըսած է. «Ասիկա աւելի ծանօթացման հանդիպում է»:
Ան նշած է, որ «հաւանաբար առաջին երկու վայրկեանի ընթացքին» Փութին պիտի հասկնայ, թէ յառաջընթացը կարելի՞ է:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթ «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին իր կարգին յայտարարեց. «Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հասնելու համար տարածքային փոխանակումներ պէտք է ըլլան»:
«Նախագահ Թրամփ արդէն իսկ արմատական կերպով փոխած է կացութիւնը: Չեմ կարծեր, որ Վլատիմիր Փութին պիտի համաձայնէր հանդիպիլ, եթէ պատրաստ չըլլար (զիջումներու): Ամէն պարագայի, կը կարծեմ, որ հաստատօրէն զիջումներ պիտի ըլլան, եւ կողմերը ուրախութեան շատ քիչ առիթներ պիտի ունենան», նշեց Փենթակոնի ղեկավարը:
Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Անտրէյ Երմաք յայտնած է, թէ երկուշաբթի օր խօսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ` «Էքս»-ի վրայ գրելով, թէ երկարատեւ խաղաղութեան համար անհրաժեշտ է «առանց նախապայմաններու զինադադար` իբրեւ էական բանակցութիւններու նախապայման»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով իր կարգին յայտնեց. «Մոսկուա յոյս ունի, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներու յառաջիկայ հանդիպումը պիտի խթանէ երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը, ներառեալ օդանաւային հաղորդակցութեան վերականգնումը:
Ան նշած է, թէ հանդիպումը կրնայ տեղէն շարժել նաեւ նման հարցերու լուծումը, թէեւ Փութինի եւ Թրամփի ուշադրութեան կեդրոնը այլ նիւթեր պիտի ըլլան:
Փութին եւ Թրամփ 15 օգոստոսին պիտի հանդիպին Ալասքայի մէջ: Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովի համաձայն, բանակցութիւններուն նիւթը պիտի ըլլայ ուքրանական տագնապի երկարաժամկէտ լուծումը:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ