Ուքրանիա, Թրամփ-Զելենսքի գագաթնաժողովը կը ներառէ նաեւ Եւրոպայի եւ ՆԱԹՕի առաջնորդները
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Ռուսաստանի կողմէ Ուքրանիա ներխուժումին 1271րդ օրը, հակամարտութիւնը դադրեցնելուն ուղղուած դիւանագիտական ջանքերը կը մեծնան: Անցեալ 15 Օգոստոսին Ալասքայի մէջ ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի եւ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ կայացած գագաթնաժողովի ընթացքին ԱՄՆ առաջնորդի դիրքորոշումը առաւել մօտեցած է Քրեմլի դիրքորոշումին, որ է՝ մերժել հրադադարը՝ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու նպատակով: Այլ խօսքով, մարտական գործողութիւնները դադրեցնելու Թրամփի խնդրանքը Փութինը մերժած է:
ԱՄՆ դիւանագիտական աղբիւրներու տուեալներով՝ ամենամեծ խոչընդոտը տարածքներու փոխանակման վերաբերեալ համաձայնութեան հասնիլն է եւ, միաժամանակ, Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներ տրամադրելը:
Այս երկու ամէնէ կարեւոր կէտերը ԱՄՆ նախագահը նպատակադրուած է առաջարկել Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ հետ մինչեւ ընթացիկ շաբթուայ վերջը նախատեսուող (ամենայն հաւանականութեամբ 22 Օգոստոսին) եռակողմ գագաթնաժողովին։ Յիրաւի, գագաթնաժողովին ընդառաջ, երեկ՝ 17 Օգոստոսին, Պրիւքսէլի մէջ կայացած է այսպէս կոչուած «Պատրաստակամներու Դաշինքին» հանդիպումը, այն երկիրներու խումբը, որոնք յայտարարած են պատերազմէն ետքը Ուքրանիոյ ռազմական անվտանգութեան երաշխիքներ առաջարկելու իրենց պատրաստակամութեան մասին:
Թրամփ-Զելենսքի գագաթնաժողով՝ եւրոպացի առաջնորդներու հետ
Իսկ այսօր՝ երկուշաբթի, 18 Օգոստոսին, Սպիտակ տան մէջ նախատեսուած է Թրամփի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հանդիպումը։ ԱՄՆ ընդլայնած է հրաւէրը նաեւ եւրոպացի առաջնորդներուն՝ Իտալիոյ Վարչապետ ՃորՃա Մելոնիին, Ֆրանսայի Նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնին, Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցին, Մեծ Պրիթանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմերին եւ Ֆինլանտայի նախագահ Ալեքսանտր Սթուպին, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենին եւ ՆԱԹՕի Գլխաւոր Քարտուղար Մարք Ռիութէին։
Թրամփի եւ Զելենսքիի միջեւ հեռախօսազրոյցը
Յարկ է աւելցնել, որ Թրամփը Ալասքայէն Ուաշինկթըն վերադարձին «Air Force One» ինքնաթիռէն զանգահարած է Զելենսքիին: Որոշ ամերիկեան լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ, ԱՄՆ նախագահը Ուքրանիոյ նախագահին տեղեկացուցած է, որ եռակողմ գագաթնաժողովի ատեն Փութինը հակամարտութիւնը դադրեցնելու նպատակով պիտի խնդրէ Տոնպասի ողջ տարածքները, ընդհուպ մինչեւ այն տարածքները, որոնք ռուսական բանակը տակաւին չէ նուաճած: Ան աւելցուցած է, որ աջակցած է այդ ծրագիրին, քանի որ «Ռուսաստանը հզօր տէրութիւն մըն է, Ուքրանիան՝ ոչ»։ Այդ նոյն աղբիւրներու համաձայն, Ռուսաստանի առաջնորդը համաձայնած է Քիեւի մէջ արեւմտեան զօրքերու տեղակայութեան:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ