Որոնել

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն 

Անգարա կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին Նեթանիահուի յայտարարութիւնը

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը. Իսրայէլի վարչապետը կը փորձէ անցեալի ողբերգութիւնները շահագործել քաղաքական նպատակներով։

Օգոստոս 27-ին, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակազդելով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը անձնապէս ճանչնալու յայտարարութեան, հաղորդած է, թէ  Իսրայէլի վարչապետը կը փորձէ անցեալի ողբերգութիւնները շահագործել քաղաքական նպատակներով։

«Պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութեան մէջ իր դերակատարութեան պատճառով դատուող Նեթանիահու կը փորձէ ծածկել ի՛ր եւ ի՛ր կառավարութեան գործած յանցագործութիւնները։

Կը դատապարտենք ու կը մերժենք պատմական եւ իրաւական ճշմարտութիւններուն չհամապատասխանող այս յայտարարութիւնը»,– նշուած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց  նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Աղբիւրը՝ Նոր Յառաջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2025, 07:00