Որոնել

2025.09.20 1991 - Dichiarazione di indipendenza dell' Armenia

Անկախութեան 34-ամեակ. Հայաստանի Խորհրդային Միութենէն անկախացման պատմական գործընթացը

Հանրաքուէն կայացաւ Խորհրդային Միութեան ընտրական օրէնսգիրքին համաձայն: Ընտրելու իրաւունք ունեցող 2 միլիոն 163 հազար 967 քաղաքացիներէն հանրաքուէին մասնակցեցաւ 2 միլիոն 56 հազար 758 հոգի: Անկախութեան թեր քուէարկեց 2 միլիոն 42 հազար 262 հոգի: «Ոչ» քուէարկեց 10.002 հոգի: Անվաւեր ճանչցուեցաւ 4129 քուէաթերթիկ: Խախտումներու վերաբերեալ բողոքներ չարձանագրուեցան: Հանրաքուէի ընթացքին հետեւեցան 117 դիտորդ` 25 երկիրներէ:

Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակագիրի սկզբունքներէն մեկնելով, Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը որոշեց 21 սեպտեմբեր 1991-ին հանրապետութեան տարածքին հանրաքուէ կազմակերպել` Խորհրդային Միութենէն դուրս գալու եւ անկախ հանրապետութիւն դառնալու հարցով:

Հանրաքուէն կայացաւ Խորհրդային Միութեան ընտրական օրէնսգիրքին համաձայն: Ընտրելու իրաւունք ունեցող 2 միլիոն 163 հազար 967 քաղաքացիներէն հանրաքուէին մասնակցեցաւ 2 միլիոն 56 հազար 758 հոգի: Անկախութեան թեր քուէարկեց 2 միլիոն 42 հազար 262 հոգի: «Ոչ» քուէարկեց 10.002 հոգի: Անվաւեր ճանչցուեցաւ 4129 քուէաթերթիկ: Անվաւեր ճանչցուեցաւ 4129 քուէաթերթիկ: Խախտումներու վերաբերեալ բողոքներ չարձանագրուեցան: Հանրաքուէի ընթացքին հետեւեցան 117 դիտորդ` 25 երկիրներէ:

Հանրաքուէի արդիւնքին հիմամբ Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը Հայաստանը հռչակեց անկախ պետութիւն:

Այնուհետեւ, 16 հոկտեմբեր 1991-ին տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ եւ Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ընտրուեցաւ հանրապետութեան նախագահ:

5 յուլիս 1995-ին, համաժողովրդական հանրաքուէով ընդունուեցաւ նոր սահմանադրութիւն: Հետագային կատարուեցան սահմանադրական փոփոխութիւններ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2025, 09:25