Որոնել

Սուրբ Աննա Մատուռը պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Սուրբ Աննա Մատուռը պաշտամունքի վերաբացուեցաւ 

14 տարուան դադարէ ետք Սուրբ Աննա Մատուռը պաշտամունքի վերաբացուեցաւ. Արարողութեանց նախագահեց Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշգարեան

14 տարուան դադարէ ետք, Ս. Աննայի ուխտի օրուան առիթով, եագուպիահայերու ու ուխտաւորներու հոծ ներկայութեամբ, ուխտագնացութիւն կազմակերպուած է դէպի Եագուպիէի Ս. Աննա ուխտատեղի-մատուռը, ուր հանդիսաւորապէս մատրան վերօծումը կատարուած է։

14 տարուան դադարէ ետք, Ս. Աննայի ուխտի օրուան առիթով, եագուպիահայերու ու ուխտաւորներու հոծ ներկայութեամբ, ուխտագնացութիւն կազմակերպուած է դէպի Եագուպիէի Ս. Աննա ուխտատեղի-մատուռը, ուր հանդիսաւորապէս մատրան վերօծումը կատարուած է։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Հալէպի «Գանձասար»էն։

Ստորեւ ներկայացուած լրատւութիւնը։

14 տարիներու սպասումէ ետք, Ս. Աննայի ուխտի օրուան առիթով, Կիրակի, 31 Օգոստոս 2025-ին, Աստուծոյ նախախնամութեամբ եւ եագուպիահայերու ու ուխտաւորներու հոծ ներկայութեամբ, ուխտագնացութիւն կազմակերպուեցաւ դէպի Եագուպիէի Ս. Աննա ուխտատեղի-մատուռը, ուր հանդիսաւորապէս մատրան վերօծումը կատարուեցաւ։

Ս. Աննայի բերկրալի տօնին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, եպիսկոպոսական Պատարագ մատուցեց եւ մատրան վերօծումը կատարեց։

Սրբազան Հօր կողքին ներկայ էին Լատին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ Տէր Լուէյ Պշարաթ եւ Տէր Ղուկաս Մեսրոպ, ինչպէս նաեւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան, Արժ. Տէր Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան, Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան եւ Լիբանանէն ժամանած Թրիփոլիի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Գրիգոր Քհնյ. Եղիայեան, որոնք Սրբազան Հօր հետ թափօրով եւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբին ու տարազաւոր սկաուտներու, ինչպէս նաեւ լատին համայնքի տարազաւոր սկաուտներու ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի Ս. Աննա մատուռը, ուր ծաղկեփունջով դիմաւորուեցան։

Արարողութեան ներկայ էին Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ժամանած մեծաթիւ եագուպիահայեր եւ ուխտաւորներ։

Յիշենք, որ մատրան վերօծման երկու օրերու արարողապետութիւնը վարեց Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։

Սրբազան Հօր առընթերականերն էին Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան եւ Արժ. Տէր Գրիգոր Քհնյ. Եղիայեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամին բնաբանն էր (Սղ 91.1). «Բարձրելոյն ծածկոցին տակ բնակողը՝ Ամենակարողին հովանաւորութեանը տակ պիտի հանգչի։ Տիրոջ համար պիտի ըսեմ. «Իմ ապաւէնս եւ իմ ամրոցս է. իմ Աստուածս՝ որուն կը յուսամ»»:

Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ այս օրհնեալ օրը համախմբուած ենք մեզ սիրող Հօր Աստուծոյ ներկայութեամբ։ Եկած ենք սիրով, գնահատանքով եւ երախտագիտութեամբ լեցուն սրտերով, նաեւ շրջապատուած զանազան մարտահրաւէրներով, յիշելով բացարձակ ճշմարտութիւնը՝ Աստուծոյ սէրը մեզի հանդէպ, անոր հաւատարմութիւնը իր տուած խոստումներուն նկատմամբ եւ մեր յոյսը՝ Յաւիտենական Կեանքը ժառանգելու»։

Սրբազան Հայրը մատնանշեց քանի մը կէտեր.-

ա) Աստուծոյ սէրը անփոփոխ եւ յաւիտեան է։ Այլ խօսքով, Աստուծոյ սէրը ամէն ինչի հիմքն է եւ արարչագործութենէն ի վեր անոր սէրը անփոփոխ եւ անսասան է։

բ) Վստահիլ Աստուծոյ տուած խոստումներուն։ Աստուած ո՛չ միայն սիրող հայր է, այլ նաեւ կը կատարէ իր տուած խոստումները։

գ) Հաւատք ունենալ Աստուծոյ խօսքին հանդէպ, որ կենդանի յոյսին բանալին է։ Այլ խօսքով, հաւատքը դէպի Աստուծոյ խոստումները առաջնորդող դրան բանալին է, նաեւ վստահութիւնն է Աստուծոյ խօսքին ճշմարտացիութեան նկատմամբ։

դ) Յաւիտենական Կեանքի յոյսը մեր վերջնական նպատակն է։ Այլ խօսքով, Աստուծոյ հետ յաւիտենապէս ապրելու խոստումն է, այնպիսի կեանք մը, ուր չկայ վիշտ, ցաւ կամ մահ։

Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ իր նախախնամութեամբ 14 տարիներ ետք առիթ ընծայեց հարիւրաւոր ուխտաւորներով համախմբուելու եւ կատարելու վերօծումը Ս. Աննա մատրան, որ յետ 6 Փետրուար 2023-ի երկրաշարժին վերանորոգուեցաւ Ֆրանսիսքան վանականներուն կողմէ, որպէս արտայայտութիւն լատին եւ հայ եկեղեցիներու եղբայրութեան։

Սրբազան Հայրը իր աղօթքին մէջ յիշեց լատին եկեղեցւոյ Առաջնորդ Հաննա Ճալլուֆը։ Ան Ս. Խաչի յուշանուէրով գնահատեց

լատին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Լուէյ Պշարաթը՝ մատրան վերանորոգութեան համար իր մատուցած ծառայութիւններուն համար։ Սրբազան Հայրը հայցեց հրաշագործ Ս. Աննային բարեխօսութիւնը։

Պատարագէն ետք, Սրբազան Հայրը եւ լատին համայնքի հոգեւոր հովիւ Լուէյ Պշարաթը մատրան վերանորոգութեան եւ վերօծման առիթով զետեղուած յուշաքարին բացումը կատարեցին:

Ապա, մատրան շրջափակէն ներս Սրբազան Հայրը աւանդական մատաղօրհնէք կատարեց։ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբը հայրենասիրական երգերով խանդավառեց ներկայ բազմութիւնը։

Տեղին է յիշել, որ ուխտագնացութեան ընթացքին ապահովական ուժեր կը վերահսկէին շրջանը եւ եկեղեցին:

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2025, 10:11