Որոնել

FILE PHOTO: A U.N. peacekeeper of the United Nations Interim Force in Lebanon (UNIFIL) stands at his post in the village of Markaba

ՖԻՆԻՒԼ. «Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր երէկ մեր ուժերուն մօտ 4 ռումբեր նետեցին»

Միջազգային խաղաղապահ ուժը ընդգծեց, թէ իր ուժերն ու անոնց սեփականութիւնները վտանգող կամ անոնց առաքելութիւնը խոչընդոտող որեւէ յարձակում «թիւ 1701 որոշումի եւ միջազգային օրէնքի վտանգաւոր խախտում» կը նկատուի:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերը` ՖԻՆԻՒԼ-ը երէկ յայտարարեց, թէ իսրայէլեան բանակին պատկանող անօդաչու թռչող սարքեր երեքշաբթի օր Հարաւային Լիբանանի մէջ Կապոյտ գիծին մօտ դէպի ՄԱԿ-ին պատկանող դիրք առաջնորդող ճամբայէն արգելքներ վերցնող խաղաղապահներու մօտ չորս ռումբեր նետած են:

ՖԻՆԻՒԼ-ը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, թէ ռումբերէն մէկը իր անդամներէն եւ անոնց մեքենաներէն հազիւ 20 մեթր հեռաւորութեան վրայ ինկած է, իսկ երեք այլ ռումբեր` շուրջ 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ` աւելցնելով, որ անօդաչու թռչող սարքերը նշմարուած են, մինչ յարձակումէն ետք Կապոյտ գիծէն հարաւ կը վերադառնային:

ՖԻՆԻՒԼ-ը այս դէպքը նկատեց «իր անդամներուն դէմ նոյեմբերին թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութենէն ի վեր ամէնէն վտանգաւոր յարձակումներէն մէկը»:

Միջազգային խաղաղապահ ուժը ընդգծեց, թէ իր ուժերն ու անոնց սեփականութիւնները վտանգող կամ անոնց առաքելութիւնը խոչընդոտող որեւէ յարձակում «թիւ 1701 որոշումի եւ միջազգային օրէնքի վտանգաւոր խախտում» կը նկատուի:

«Ապահովութեան խորհուրդի անոնց վստահուած առաքելութեան գործադրութեան ընթացքին խաղաղապահ ուժերուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելը իսրայէլեան բանակին պատասխանատուութիւնն է», կ՛եզրափակէ հաղորդագրութիւնը:

Ֆրանսա Կը Դատապարտէ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերու ՖԻՆԻՒԼ-ի վրայ յարձակումը` կոչ ուղղելով երաշխաւորել խաղաղապահ ուժերու անվտանգութիւնը:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Պէտք է երաշխաւորել խաղաղապահ ուժերու պաշտպանութիւնն ու ՄԱԿ-ի անդամներուն, անոնց սարքերուն եւ կեդրոնատեղիներուն անվտանգութիւնը»:

Նախարարութիւնը աւելցուց, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերը «Լիբանանի եւ շրջանի կայունութեան համար հիմնական դեր կը կատարեն»:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի աւելի ուշ պնդեց, թէ իսրայէլեան բանակը ՖԻՆԻՒԼ-ի վրայ դիտաւորեալ կերպով կրակ չէ բացած:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2025, 08:41