Որոնել

Պելճիքա, քաղաքական Պելճիքա, քաղաքական  (Belgaimage)

Պելճիքան պիտի ճանչնայ պաղեստինի պետութիւնը

Պելճիքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց, թէ իր երկիրը Իսրայէլի դէմ պիտի հաստատէ 12 «խիստ» պատժամիջոցներ, ինչպէս անոր բնակեցման վայրերէն ներածման արգիլումը եւ իսրայէլեան ընկերութիւններէ ընդհանուր գնումներու քաղաքականութեան վերատեսութեան ենթարկումը:

Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Մաքսիմ Փրեւօ երէկ յայտարարեց, թէ իր երկիրը 9-23 սեպտեմբերի ընթացքին Նիւ Եորքի մէջ գումարուող ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին պիտի ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը եւ Իսրայէլի դէմ «խիստ պատժամիջոցներ» պիտի հաստատէ:

Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յուլիսին յայտարարեց, թէ իր երկիրը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին պիտի ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը: 12 այլ պետութիւններ, ներառեալ Աւստրալիան, Բրիտանիան եւ Քանատան իրենց կարգին յայտարարեցին, թէ պիտի ճանչնան Պաղեստինի պետութիւնը:

Անտորան, Ֆինլանտան, Իսլանտան, Իրլանտան, Լիւքսամպուրկը, Մալթան, Նոր Զելանտան, Նորվեկիան, Փորթուգալը, Սան Մարինոն, Սլովաքիան ու Սպանիան ստորագրեցին այսպէս կոչուած «Նիւ Եորքի հռչակագիր»-ը:

Փրեւօ ըսաւ, որ Պելճիքան անոնց պիտի միանայ, ինչ որ ճամբան կը հարթէ երկու պետութիւններու սկզբունքին հիմամբ լուծման:

Պելճիքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց, թէ իր երկիրը Իսրայէլի դէմ պիտի հաստատէ 12 «խիստ» պատժամիջոցներ, ինչպէս անոր բնակեցման վայրերէն ներածման արգիլումը եւ իսրայէլեան ընկերութիւններէ ընդհանուր գնումներու քաղաքականութեան վերատեսութեան ենթարկումը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2025, 09:17