Որոնել

2025.09.25 Siria: Campus bambini armeni per insegnamento della Bibbia

Սուրիա. «Խօսիլ» խորագրով Աստուածաշնչական ճամբար՝ Ճեզիրէի Կիրակնօրեայ դպրոցներուն համար

Օրակարգը կազմուած էր հոգեւոր, մտաւոր եւ ֆիզիքական զարգացման համաչափ ու բազմաբովանդակ ծրագիրէ։ Իւրաքանչիւր օր կը սկսէր առաւօտեան ժամերգութեամբ, ապա Աստուածաշունչի ընթերցումներով եւ ուսումնասիրութիւններով։

Օրերս, Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցած է հնգօրեայ բանակում՝ Ճեզիրէի երեք շրջաններու՝ Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տէրիքի Կիրակնօրեայ դպրոցներու մասնակցութեամբ։ Ճամբարի նպատակը եղած է աշակերտներուն առիթ ընծայել ամէնօրեայ երկխօսութիւն ունենալու իրենց Տիրոջ հետ, հաճելի ժամանակ անցընելու եւ մշտապէս հայերէն խօսելու։

Ստորեւ Հալէպի  «Գանձասար»ին ներկայացուցած լրատւութիւնը։

«Լոյս է արդարի խօսքը» (Առակներ 13.9) — բարի եւ ճշմարիտ խօսքի ուժեղ ու դրական ազդեցութիւնը եղաւ պատգամն ու այս տարուան ճամբարի խորագիրը։

Հրամանաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշն. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Հոգեշնորհ Տ. Լեւոն վարդապետ Եղիայեանի եւ տնօրինութեամբ Կիրակնօրեայ վարժարաններու տեսուչ Արժն. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, 3-7 Սեպտեմբեր 2025-ին տեղի ունեցաւ Աստուածաշնչական ճամբար՝ Ճեզիրէի երեք շրջաններու՝ Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տէրիքի Կիրակնօրեայ դպրոցներու մասնակցութեամբ։

Աշակերտները հաւաքուեցան Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ՝ ունենալու յիշարժան հնգօրեայ բանակում։ Ճամբարի նպատակը եղաւ աշակերտներուն առիթ ընծայել ամէնօրեայ երկխօսութիւն ունենալու իրենց Տիրոջ հետ, հաճելի ժամանակ անցընելու իրենց ընկերներուն հետ եւ մշտապէս հայերէն խօսելու։

Օրակարգը կազմուած էր հոգեւոր, մտաւոր եւ ֆիզիքական զարգացման համաչափ ու բազմաբովանդակ ծրագիրէ։ Իւրաքանչիւր օր կը սկսէր առաւօտեան ժամերգութեամբ, ապա Աստուածաշունչի ընթերցումներով եւ ուսումնասիրութիւններով։

Նիւթերը մէկտեղուած էին «Ըսէ ինծի ուր է սիրտդ» ընդհանուր խորագրին տակ։

Օգտագործուեցան արդիական միջոցներ, ինչպէս նաեւ ուսուցուեցան համապատասխան սաղմոսներ, շարականներ եւ հոգեւոր երգեր։

Աշխատանքային խմբակներու միջոցով քննարկուեցան ընկերային, գիտական եւ բազմազան այլ նիւթեր։ Հարց ու պատասխանի մրցումները, խաղերը, պտոյտները եւ ուխտավայրերու այցելութիւնները ոչ միայն նոր գիտելիքներ պարգեւեցին, այլեւ ամրապնդեցին մասնակիցներուն հաւատքը, համերաշխութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը։ Վերջին օրուան բաժանումի արցունքները եղան այդ ամէնուն կենդանի վկայութիւնը։

Ճամբարի եզրափակիչ ձեռնարկը եղաւ Տէրիքի Ս. Աստուածածնայ տօնի յիշատակումը։ Ճեզիրէի բոլոր շրջաններէն հաւատացեալներ մասնակցեցան Ս. եւ անմահ պատարագին, մատաղի պատրաստութեան եւ օրհնութեան։

2025-ի «Խօսիլ» խորագրով ճամբարը մեծ նշանակութիւն ունեցաւ տեղի համայնքին մէջ։ Անիկա նպաստեց հոգեւոր կեանքի աշխուժացմանը, միջսերունդային կապերու ամրապնդման եւ երիտասարդներուն մէջ դրական արժէքներու զարգացման։

Այս առիթով առաջնորդական փոխանորդ Հայր Սուրբ բարձրօրէն գնահատեց քահանաները, Ճեզիրէի երեք շրջաններու Կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ եկեղեցասիրաց տիկնանց յանձնախումբը։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2025, 08:14