Որոնել

2025.09.29 PARIGI – Concerto dell’Orchestra da Camera di Stato Armena nella Chiesa della MadeleinePARIGI – Concerto dell’Orchestra da Camera di Stato Armena nella Chiesa della Madeleine

ՓԱՐԻԶ – Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբի փառաւոր համերգը Մատլէնի հեղինակաւոր եկեղեցւոյ մէջ

Երեկոյթի ընթացքին ելոյթ ունեցան սոփրանօ Հայարփի Եղիկեան, հոպուայի վարպետ Յակոբ Մուրադեան եւ դաշնակահարուհի Սոնա Բարսեղեան։

Սեպտեմբեր 25-ին, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան բարձր հովանաւորութեան ներքոյ, Փարիզի խորհրդանիշ համարուող վայրերէն մէկուն՝ անուանի Մատլէնի եկեղեցիին մէջ առաջին անգամ համերգային ծրագրով հանդէս եկաւ Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը:

Այս համերգը կազմակերպուած էր Հայաստանի Կրթութեան, գիտության, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան հետ համագործակցաբար, Ֆրանսայի ՀԲԸՄ—ի եւ «Հայաստանի դեսպանութեան բարեկամներ» միութեան աջակցութեամբ:

Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբի փառաւոր համերգը Մատլէնի հեղինակաւոր եկեղեցւոյ մէջ
Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբի փառաւոր համերգը Մատլէնի հեղինակաւոր եկեղեցւոյ մէջ

Լեփ—լեցուն եկեղեցւոյ մէջ խմբավար Սիփան Օլահի ղեկավարութեամբ սենեկային նուագախումբը ֆրանսացի երաժշտասէր հանդիսատեսին ներկայացուց Կոմիտասի, Արամ Խաչատրեանի, Ռոբերտ Ամիրխանեանի, Տիգրան Մանսուրեանի, ինչպէս նաեւ Շառլ Ազնաւուրի սիրուած ստեղծագործութիւնները:

Երեկոյթի ընթացքին ելոյթ ունեցան սոփրանօ Հայարփի Եղիկեան, հոպուայի վարպետ Յակոբ Մուրադեան եւ դաշնակահարուհի Սոնա Բարսեղեան։

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան համերգի բացման խօսքին մէջ յատկապէս վեր առաւ հայկական հարուստ երաժշական ժառանգութիւնը լայն հանրութիւններու ներկայացնելու կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով համերգի նշանակալի դերը այդ առումով: Ան խորհրդանշական համարեց, որ համերգը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձէն ընդամէնը քանի մը օր ետք՝ ինչ որ ձեռնարկը կը վերածէր Հայաստանի անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան իւրայատուկ տօնակատարութեան:

Նշենք, թէ այս համերգին ներկայ բազմաթիւ անձնաւորութիւններու շարքին էին զանազան երկիրներու դեսպաններ, դեսպանութիւններու ներկայացուցիչներ, ի շարս որոնց Թուրքիոյ դեսպանութեան ներկայացուցիչը։

Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբի փառաւոր համերգը Մատլէնի հեղինակաւոր եկեղեցւոյ մէջ
Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբի փառաւոր համերգը Մատլէնի հեղինակաւոր եկեղեցւոյ մէջ

Աղբիւրը` Նոր Յառաջ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2025, 08:14