Շիի Իսլամական գերագոյն խորհուրդը Լեւոն ԺԴ. Պապին յանձնեց փաստաթուղթ մը
Սէյիտ Ալի Սայետ Քասեմ Շիի իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպի ցուցմունքով կը մասնակցի Վատիկանի մէջ Մարիամական համաշխարհային խորհրդաժողովին, որ իր աշխատանքը աւարտեց Լեւոն ԺԴ. պապին հետ հանդիպումով մը:
Սէյիտ Քասեմ այս առիթով յանուն Շիի իսլամական գերագոյն խորհուրդին Լեւոն ԺԴ. պապին յանձնեց փաստաթուղթ մը, որ կ՛ամփոփէ երկխօսութեան եւ համաշխարհային խաղաղութեան վերաբերեալ խորհուրդի տեսակէտը` մեկնելով իմամ Մուսա Սատըրի հիմնադիր փաստաթուղթէն:
Խորհուրդը իր փաստաթուղթին մէջ Լեւոն ԺԴ. պապէն խնդրեց աղօթել Լիբանանի համար, որպէսզի իր իսլամ եւ քրիստոնեայ թեւերով մնայ ազատ, անկախ եւ իր բոլոր զաւակներուն համար վերջնական հայրենիք:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ