Որոնել

2025.09.16 Creta, Chiesa Armena: Inaugurazione mostra con il patrocinio dell'UNESCO

Կրետէ կղզի. Հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ բացուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հովանաւորած ցուցահանդէսը

Դեսպան Մկրտչեան հակիրճ տողերով ներկայացուց Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Վահէ Գաբրիէլեանի կողմէ նկարահանուած լուսանկարներու ցուցահանդէսի նախապատմութիւնը, յայտնելով որ Կրետէի ցուցադրութիւնը ընտրուած է այդ լուսանկարներու ընդմէջէն։ Գաբրիէլեան օրին, աւելի քան 500 լուսանկարներով ու ընդարձակ տեղեկութիւններով նկարագրած էր հայկական նիւթական ու ոչ-նիւթական ժառանգութիւնը, զայն ամփոփելով բազմալեզու հրատարակութեան մը մէջ։ Երկհատոր այդ գիրքը լոյս տեսած էր Երեւանի մէջ, իսկ 2023ին, անոնցմէ

Սեպտեմբեր 4-ին, Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան նախաձեռնութեամբ, Կրետէ կղզիի Ս. Յովհաննէս-Կարապետ եկեղեցւոյ բակին մէջ բացուեցաւ ուշագրաւ ցուցահանդէս մը՝ նուիրուած ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ հայկական նիւթական ու ոչ-նիւթական ժառանգութեան։

Բացման հանդիսութեան մասնակցեցան դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, Կրետէի Ս. Յովհաննէս-Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Տաթեւ Եպս. Յակոբեան, յոյն եկեղեցւոյ, Խորհրդարանի, Կրետէ կղզիի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ։

Դեսպան Մկրտչեան հակիրճ տողերով ներկայացուց Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Վահէ Գաբրիէլեանի կողմէ նկարահանուած լուսանկարներու ցուցահանդէսի նախապատմութիւնը, յայտնելով որ Կրետէի ցուցադրութիւնը ընտրուած է այդ լուսանկարներու ընդմէջէն։ Գաբրիէլեան օրին, աւելի քան 500 լուսանկարներով ու ընդարձակ տեղեկութիւններով նկարագրած էր հայկական նիւթական ու ոչ-նիւթական ժառանգութիւնը, զայն ամփոփելով բազմալեզու հրատարակութեան մը մէջ։ Երկհատոր այդ գիրքը լոյս տեսած էր Երեւանի մէջ, իսկ 2023ին, անոնցմէ ընտրուած 50 լուսանկարներով ցուցահանդէս մը բացուած էր Աթէնքի մէջ։

«Հիմա ահաւասիկ այդ ցուցահանդէսը կը հիւրընկալելու Կրէտէի մէջ, ուր յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենան կարեւոր այլ միջոցառումներ եւս, յատկապէս Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի սուրբ մասունքներու զետեղումը», ըսաւ դեսպանը։

Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման յաջորդեց հայկական ազգային տարազներով պուպրիկներու ցուցահանդէսի բացումը եւ անոնց ներկայացումը՝ Եզնիկ Սրբազանի կողմէ։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2025, 07:46