Որոնել

 Նիկոլ Աղբալեանի Նիկոլ Աղբալեանի 

Երեւանի մէջ՝ Նիկոլ Աղբալեանի 150ամեակին նուիրուած հատորի շնորհահանդէս

Նախաձեռնութեան բացումը կատարեց Գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Հերիքնազ Որսկանեան, որ շնորհաւորեց ներկաները գիրքին լոյս ընծայման առիթով` շեշտելով Համազգայինի դերը այս կարեւոր աշխատանքի իրականացման մէջ:

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկին հետ գործակցութեամբ, 12 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Նիկոլ Աղբալեանի երկերու առաջին հատորին շնորհահանդէսը:

Հատորը նուիրուած է Նիկոլ Աղբալեանի ծննդեան 150ամեակին: Զայն կազմած է գրականագէտ Արմէն Մանուկեան, իսկ զայն խմբագրած է Լուսինէ Աւետիսեան:

Շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Գրականութեան հիմնարկի դահլիճին մէջ՝ Համազգայինի անդամներու, Գրականութեան հիմնարկի գիտաշխատողներու, դոկտորներու եւ գրողներու ներկայութեամբ:

Նախաձեռնութեան բացումը կատարեց Գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Հերիքնազ Որսկանեան, որ շնորհաւորեց ներկաները գիրքին լոյս ընծայման առիթով` շեշտելով Համազգայինի դերը այս կարեւոր աշխատանքի իրականացման մէջ:

Համազգային Կեդրոնական վարչութեան խօսքը ներկաներուն փոխանցեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան:

Նիկոլ Աղբալեան մտաւորականի գործունէութեան եւ նորընծայ հատորին անդրադարձան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան, լիբանանահայ վաստակաշատ մանկավարժ Տիգրան Ճինպաշեան, գրականագէտներ՝ Արմէն Մանուկեան, Արշալոյս Գալստեան, Աւիկ Իսահակեան, Լուսինէ Աւետիսեան, Պետրոս Դեմիրճեան, Սուսաննա Յովհաննիսեան եւ Հայկական Հանրագիտարան հրատարակչութեան տնօրէն Յովհաննէս Այվազեան:

Անոնք իրենց խօսքին մէջ կարեւոր նկատեցին գիրքին ծնունդը` զայն նկատելով յարգանքի տուրք հայ մեծանուն մտաւորական, հանրային-քաղաքական գործիչ Նիկոլ Աղբալեանի յիշատակին: Անոնք դիտել տուին, որ ասիկա նաեւ առիթ է անդրադառնալու անոր ձգած ժառանգութեան, կրթութեան, գիտութեան, ազգային դաստիարակութեան մէջ անոր ունեցած աւանդին:

«Ճշմարիտ ու գաղափարական հայը կանգնած է նաեւ Համազգայինի աշխարհասփիւռ կառոյցի ստեղծման ակունքներում: Մի կառոյցի, որը թէ՛ Սփիւռքում եւ թէ հայրենիքում միշտ եղել է ազգային ինքնութեան պահպանման առանցքում եւ նոյն առաքելութեամբ շարունակում է իր գործունէութիւնը», կ՛ըսուի Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2025, 07:00