Որոնել

Esaltazione della Santa Croce, manoscritto

Հայ Եկեղեցւոյ Տաղաւար Տօներ. Խաչվերաց Սուրբ Խաչը հիմ` քրիստոնէական հաւատքի

Խաչը բարձրացաւ Գողգոթայի վրայ եւ փայլեցաւ Երուսաղէմի մէջ աւելի պայծառ, քան արեգակը: Խաչը աւերեց դժոխքը եւ ազատեց գերիները: Խաչը Կենաց ծառն է եւ անմահութեան պտուղը: Խաչը բացաւ դրախտի արքայութեան դռները եւ դարձաւ կեանքի յարութեան խորհրդանիշ:

Հայ եկեղեցին սեպտեմբեր 14-ի մօտիկ կիրակին կը նշէ հինգ տաղաւար տօներէն Խաչվերացը:

Խաչվերաց կը նշանակէ խաչը վեր բարձրացնել: Տօնը նուիրուած է Տիրոջ խաչափայտի պարսկական գերութենէն Երուսաղէմ վերադարձին, Գողգոթայի վրայ կանգնեցման ու փառաբանութեան յիշատակին:

Պարսից Խոսրով Բ. Փարւէզ թագաւոր (590-628) 614-ին յարձակեցաւ Երուսաղէմի վրայ, սուրի քաշեց քաղաքին բնակիչներէն 57 հազար հոգի, իսկ 35 հազար հոգի ալ գերեվարեց: Պարսիկներ թալանեցին նաեւ Սուրբ Յարութեան տաճարը եւ իրենց հետ տարին այն Խաչը, որուն վրայ խաչուած էր Յիսուս Քրիստոս:

Բիւզանդիոնի Հերակլ Ա. կայսր (610-641) Սուրբ Խաչը գերութենէ ազատելու համար սրբազան պատերազմ յայտարարեց Խոսրով Փարւէզի դէմ: Բիւզանդական բանակին օգնութեան հասան հայերը` Մժեժ Գնունիի գլխաւորութեամբ:

Բիւզանդական եւ հայկական զօրքերը յաղթեցին պարսիկներուն եւ ազատագրեցին գերեվարուած խաչափայտը: Յաղթական զօրքը Պարսկաստանէն, Հայաստանէն եւ Կոստանդնուպոլիսէն անցնելով Սուրբ Խաչը տարաւ Երուսաղէմ: Հերակլ կայսր Խաչը անձամբ Գողգոթայի գագաթը հանեց եւ Սուրբ Յարութեան տաճարին վրայ բարձրացուց:

Խաչվերացի տօնը կը կատարուի մեծ հանդիսաւորութեամբ: Երեկոյեան Կենաց փայտի մասունք պարունակող խաչը ռեհանով կը զարդարեն: Խաչը թափօրով եկեղեցի կը բերուի եւ Խաչով ու Աւետարանով Անդաստանի կարգ կը կատարուի. կ՛օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը` Հայոց հայրապետութիւնը, երկիրը, տարուան պտղաբերութիւնը, վանքերը, քաղաքներն ու գիւղերը իրենց բնակիչներով: Եկեղեցական արարողութեան աւարտին հաւատացեալներուն օրհնուած ռեհան կը բաժնուի:

* * *

Խաչվերացի տօնին ուխտագնացութիւններ կը կազմակերպուին: Ամէն գիւղ կամ գաւառ ունեցած է  Սուրբ Խաչին նուիրուած իր ուխտատեղին: Յատկապէս Սուրբ Խաչ անունը կրող եկեղեցիները, վանքերը եւ սրբատեղիները գլխաւոր ուխտատեղիներ են:

Ուխտավայրերուն մէջ, եկեղեցական հոգեպարար արարողութեան աւարտին կը բաժնուի մատաղ, որուն կը յաջորդէ համընդհանուր ուրախութիւն, երգ ու պար:

Լիբանանի մէջ աւանդութիւն դարձած է Խաչվերացի տօնը (կամ անոր յաջորդող կիրակին) ժողովրդային շուքով նշել Այնճարի մէջ` ի յիշատակ Մուսա Լերան 1915-ի հերոսամարտի յաղթական աւարտին եւ ժողովուրդի փրկութեան: Արդարեւ, Մուսա Լերան վեց գիւղերու բնակիչները քառասուն օր հերոսաբար դիմադրելէ ետք թրքական գերազանց բանակին, Խաչվերացի տօնին (կիրակի, 12 սեպտեմբեր 1915) յաջորդող երեք օրերուն ֆրանսական նաւերով Փոր Սայիտ փոխադրուեցան:

* * *

Սուրբ եկեղեցին մեզի կը սորվեցնէ, որ Խաչը մեր հաւատքին հիմն է եւ մեր պահապանը` գիշեր եւ ցերեկ:

Խաչը բարձրացաւ Գողգոթայի վրայ եւ փայլեցաւ Երուսաղէմի մէջ աւելի պայծառ, քան արեգակը: Խաչը աւերեց դժոխքը եւ ազատեց գերիները: Խաչը Կենաց ծառն է եւ անմահութեան պտուղը: Խաչը բացաւ դրախտի արքայութեան դռները եւ դարձաւ կեանքի յարութեան խորհրդանիշ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2025, 08:37