Գրագիտութեան օր. Խաղաղութիւնն ու հաւասարութիւնը կ՝անցնին կրթութենէն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Բարձրացնել հանրային եւ համաշխարհային քաղաքական առաջնորդներու իրազեկութիւնը գրագէտ հասարակութիւններուն կարեւորութեան մասին, որպէս աւելի արդար, խաղաղ եւ կայուն միջավայրի նախապայման։ Այս նպատակով ԻՒՆԵՍՔՕ-ն 1967 թուականին հիմնեց գրագիտութեան միջազգային օրը, որ կը նշուի սեպտեմբեր 8ին։
«Առանց գրագիտութեան մենք չենք կրնար մտածել պաշտպանելու մեր հասարակութիւններուն եւ մեր աշխարհի էական տարրերու մասին, ինչպէս օրէնքի գերակայութիւնը, հաւասարութիւնը, եւ խտրականութեան բացակայութիւնը։ Այս բոլոր արժէքները, որոնք մեզի համար հիմնարար են, անկասկած կը պահանջեն գրագիտութեան եւ կրթութեան մակարդակներ», ըսաւ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի Իտալիոյ մէջ ընդհանուր քարտուղար Էնրիքօ Վիչէնթի, Վատիկանի Լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին։
Աշխարհի մէջ տիրող իրավիճակը
«Գրագիտութիւն ըսելով, մենք հիմնականին մէջ նկատի ունինք հիմնական ճանաչողական հմտութիւնները՝ ընթերցանութիւնը, գրելը, թուաբանութիւնը, ինչպէս նաեւ խնդիրներ լուծելու հմտութիւններ։ Սա կրթութեան իրաւունքի համար նախապայման է։ Այսպիսով մենք կը խօսինք բոլորին համար հիմնարար մարդու իրաւունքի մասին։ Վերջին 50 տարիներուն ընթացքին, յարեց » Իտալիոյ մէջ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը, « միջազգային հանրութեան յանձնառութիւնը նշանակալից դարձաւ, որուն արդիւնքով երիտասարդներուն աւելի քան 90 առ հարիւրը արդիւնաւէտօրէն գրագէտ է։ Անկասկած կան աշխարհագրական նշանակալից անհաւասարութիւնները« կը մտածենք նուազ հարուստ երկիրներու մասին, յատկապէս Սահարայի, ենթասահարեան Ափրիկէի որոշ երկիրներու մասին, նաեւ այն երկիրներուն մասին, որոնք տարիներ շարունակ կը գտնուին հակամարտութեան կամ յետ հակամարտութեան իրավիճակի մէջ, որոնք թիրախ են զգալի մարտահրաւէրներուն։
Ընդհանուր թիւը իսկապէս խրախուսելի է բայց մենք դեռ ունինք 739 միլիոն երիտասարդ ամբողջ աշխարհի մէջ , որոնք կը տառապին անբաւարար գրագիտութենէն, հետեւաբար անբաւարար կրթութիւնէն»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ