Որոնել

European Foreign Affairs Council

Քալլաս. «Մոլտովայի ընտրութիւնը յստակ «Այո» է Եւրոպական ապագային»

Մոլտովայի նախագահ Մայա Սանտուի եւրոպամէտ «Գործողութիւն եւ համերաշխութիւն» կուսակցութիւնը կիրակի օր տեղի ունեցած ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած է` ռուսամէտ «Հայրենասիրական դաշինք»-էն երկու անգամ շատ քուէ հաւաքելով:

Մոլտովայի ընտրութիւնը յստակ «այո» է եւրոպական ապագային: Այս մասին գրած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս:

«Հակառակ Ռուսիոյ կողմէ ապատեղեկատուութիւն տարածելու եւ քուէներ գնելու հսկայական ջանքերուն, ոչ մէկ ուժ կրնայ կանգնեցնել ազատութեան ձգտող ժողովուրդը», գրած է ան:

Մոլտովայի նախագահ Մայա Սանտուի եւրոպամէտ «Գործողութիւն եւ համերաշխութիւն» կուսակցութիւնը կիրակի օր տեղի ունեցած ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած է` ռուսամէտ «Հայրենասիրական դաշինք»-էն երկու անգամ շատ քուէ հաւաքելով:

Սանտուի կուսակցութիւնը ապահոված է քուէներուն 50 առ հարիւրը, իսկ գլխաւոր ընդդիմադիր «Հայրենասիրական դաշինք»-ը 25 առ հարիւրի շեմը չէ անցած:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյէն գրած է. «Ժողովրդավարութիւն: Ազատութիւն»:ù

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2025, 07:42