Որոնել

Աղքատ մանուկներ Աղքատ մանուկներ 

Mary’s Meals: Դպրոցական սննդամթերքի բաշխումը գերազանցած է օրական 3 միլիոնը

Իւրաքանչիւր մանուկ արժէքաւոր է. Մենք կ՛ուզենք յոյս ներշնչել լ այնտեղ ուր ան պակաս է» հաստատած է այս առիթով կամակարութեան հիմնադիրը տեղեկացնելով որ կազմակերպութիւնը կը գործէ 40 երկիրներուն մէջ ու թէ անիկայ հիմնուած է գլխաւորաբար կամաւորական գործի վրայ, մարդիկ որոնք կ՛ արթննան լուսաբացին՝ իրենց համայնքներու դպրոցներուն սննդարար և անվտանգ ճաշեր պատրաստելու համար:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Կոյս Մարիամի ծննդեան տօնին օրը, Mary’s Meals կազմակերպութիւնը պատմական նուաճումի մասին յայտարարութիւն մը տարածած է, այն է` որ երեք միլիոն մանուկները ամէն օր դպրոցի մէջ կը ստանան սնունդ շնորհիւ կազմակերպութեան ծրագիրներուն։

Magnus MacFarlane-Barrow-ի կողմէ Սքոթլանտայի մէջ հիմնուած կազմակերպութիւնը, իր աշխատանքը կեդրոնացուած  է մոլորակի ամենաաղքատ և ամենաանտեսուած տարածքներուն վրայ, ուր հակամարտութիւնը, քաղաքական անկայունութիւնը և կլիմայի փոփոխութիւնը կը սպառնան կրթութեան հասանելիութեան և պարենային անվտանգութեան։

Իւրաքանչիւր մանուկ արժէքաւոր է. մենք կ՛ուզենք յոյս ներշնչել այնտեղ ուր ան պակաս է» հաստատած է այս առիթով կամակերպութեան  հիմնադիրը տեղեկացնելով, որ կազմակերպութիւնը կը գործէ 40 երկիրներուն մէջ ու թէ անիկայ հիմնուած է գլխաւորաբար կամաւորական գործի վրայ, մարդիկ որոնք կ՛ արթննան լուսաբացին՝ իրենց համայնքներու դպրոցներուն սննդարար և անվտանգ ճաշեր պատրաստելու համար:

Այս աշխատաձեւի շնորհիւ ընդամէնը 22 եւրոյով կարելի է մէկ տարի կերակուր ապահովել մանուկի մը, նշուած է ի միջի այլոց յայտարարութեան մէջ ուր ապա կոչ ուղղուած է համայն աշխարհի բարի կամքի տէր մարդոց իրենց սատարը բերելու ծրագրին։

Այսօր ամբողջ աշխարհի մէջ հինգ տարեկանէն վար աւելի քան 181 միլիոն մանուկ կ՛ապրի խիստ սննդային աղքատութեան պայմաններու մէջ, և ամէն օր անոնցմէ հազարաւորներուն համար վտանգը կայ մահուան` սովի հետ կապուած պատճառներու բերումով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2025, 14:49