Որոնել

Մինասեան Պատրիարքը եւ Լիբանանի Նախագահը Մինասեան Պատրիարքը եւ Լիբանանի Նախագահը 

Lիբանանի նախագահը ընդունեց Հայ-Կաթողիկէ Կաթողիկոս-Պատրիարք՝ Մինասեանի այցելութիւնը

Այցի նպատակն էր նախագահը հրաւիրել մասնակցելու Վատիկանի մէջ առաջիկայ 19 Հոկտեմբերին կայանալիք մեծ տօնակատարութեան , որուն ընթացքին ալ Հռոմի Լեւոն 14-րդ Պապը սրբադասումը պիտի կատարէ եւ սուրբ հռչակէ Հայ Կաթողիկէ եռամեծ կրօնաւորներէն՝ Իգնատոս Մալոյեան արքեպիսկոպոսը։

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Զօր. Ժոզէֆ Աուն ուրբաթ 12 սեպտեմբերին Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ ընդունած է Հայ Կաթողիկէ Ն.Ա.Գ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս 21-րդ Կաթողիկոս Պատրիարքի այցելութիւնը։

Նախագահական Պալատի հարապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի,  Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս Մինասեան այսօր ընդունուած է երկրի նախագահ Զօր. Ժոզէֆ Աունին կողմէ։

Այցի նպատակն էր նախագահը հրաւիրել մասնակցելու Վատիկանի մէջ առաջիկայ 19 Հոկտեմբերին կայանալիք մեծ տօնակատարութեան , որուն ընթացքին ալ Հռոմի Լեւոն 14-րդ Պապը սրբադասումը պիտի կատարէ եւ սուրբ հռչակէ Հայ Կաթողիկէ եռամեծ կրօնաւորներէն՝ Իգնատոս Մալոյեան արքեպիսկոպոսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2025, 08:36