Որոնել

ADDIO A CLAUDIA CARDINALE, L'ATTRICE � MORTA A 87 ANNI

Մահացած է Գլաուտիա Գարտինալէ՝ Հանրի Վերնէօյի «մայրիկ»-ը

հայերուս համար Գարտինալէ ամէն բանէ առաջ Հանրի Վերնէօյի «Մայրիկ» ֆիլմին մէջ մարմնաւորած անմոռանալի մայրիկն է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ մերհ աւաքական յիշողութեան մէջ՝անմոռանալի։

87 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած է իտալական շարժարուեստի ինքնատիպ դերասանուհիներէն Գլաուտիա Գարտինալէ։

Ան ծնած է Թունիս։ 1957-ին ընտրուած ըլլալով «Թունիսի ամենագեղեցիկ իտալուհի»-ն, հրաւէր ստացած է մասնակցելու Վենետիկի շարժարուեստի փառատօնին։ Դերասանական կրթութիւն ստացել է Հռոմի թատերական դպրոցը, զուգահեռաբար յաճախած է պարի, գեղասահքի, իտալերէնի դասերու, քանի որ աւելի լաւ կը խօսէր օտար լեզուներ, քան մայրենի լեզուն։ Նկարահանուած է նշանաւոր իտալացի ռեժիսէօրներ Ֆետերիքօ Ֆելլինիի, Լուքինօ Վիսքոնթիի եւ այլոց ֆիլմերուն մէջ։

Գարտինալէ նկարահանուած է աշխարհի տարբեր շարժարուեստի ընկերութիւններու անուանի բազմաթիւ ֆիլմերու մէջ՝ Ալպերթօ Գաւալքանթիի «Վենետիկեան ամուսնութիւններ», Փիեթրօ Ճերմիի «Սպանութիւն իտալական ձեւով», Մարիօ Մոնիչելլիի «Աղաւնին» եւ «Միլանոյի գաղթականները», Լուիճի Ծամփայի «Դատաւորը» եւ «Թռչող աղուէսը», Ֆետերիկքօ Ֆելլինիի «Ութ ու կէս», Լուքինօ Վիսքոնթիի «Յովազը» եւ «Սանdրա»-ն, Ռիչըրտ Պրուքսի «Արհեստավարժները», Ֆրանքօ Ծեֆիրելլիի «Յիսուս Նազովրեցին» եւ այլն։ Գարտինալէ նաեւ երգարուեստի բնագաւառին մէջ արձանագրած է մեծ յաջողութիւններ։

Բայց մեզի՝ հայերուս համար Գարտինալէ ամէն բանէ առաջ Հանրի Վերնէօյի «Մայրիկ» ֆիլմին մէջ մարմնաւորած անմոռանալի մայրիկն է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ մերհ աւաքական յիշողութեան մէջ՝անմոռանալի։

 

Աղբիւրը` Նոր Յառաջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2025, 07:59