Որոնել

Հայր Սահակ Քէշիշեան Հայր Սահակ Քէշիշեան 

Ս. Իգնատիոս Մալոյեան՝ օրինակելի ուսուցիչի անձնաւորումը

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման լուրը եւ անոր սրբութեան համբաւը մեր առաքելութիւնն է, սիրելիներ, ըլլանք կղերական կամ աշխարական։ Արդարեւ, Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի կեանքի վկայութիւնը մեզմէ ոչ թէ միայն խոր հաւատք կը պահանջէ, այլեւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն, ծառայութեան յանձնառութիւն եւ զոհաբերութեան ոգի։
Ունկնդրէ լուրը

Հայր Սահակ Քէշիշեանի քարոզը Մեսրոպեան վարժարանի ուսուցչաց վերամուտի Սուրբ Պատարագին, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, 19/09/2025-ին.

Այսօր համախմբուած ենք Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի 2025-2026 ուսումնական տարեշրջանի ուսուցչաց տարեսկիզբի համահաւաքին, որպէսզի լաւապէս պատրաստուինք այս տարուայ վերամուտին եւ ողջ տարուայ ընթացքին միասնաբար արդիւնաբեր ծրագիրներ մշակենք դաստիարակելու համար մեր ապագայ սերունդը: Այսպիսով նաեւ նպաստած պիտի ըլլանք վարժարանիս պատմութեան գիրքին մէջ 87-րդ տարեշրջանի էջը հարստացնելու անմոռանալի յիշատակներով եւ նորանոր յաջողութիւններով:

Սակայն այս տարի յատուկ եւ անզուգական է, որովհետեւ մեր այս վարժարանի հիմնադիր միաբաններու եղբայրակիցներէն՝ Զմմառու միաբան հայրերէն մէկը Տիեզերական Եկեղեցւոյ խորաններուն վրայ պաշտօնապէս Սուրբ պիտի հռչակուի։ Այս պատմական ու հոգեւոր մեծ իրադարձութիւնը պարծանք է ողջ Քրիստոնեայ հասարակութեան եւ ի մասնաւորի ազգիս, նուիրապետութեանս եւ վերջապէս վարժարանիս համար:

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման լուրը եւ անոր սրբութեան համբաւը մեր առաքելութիւնն է, սիրելիներ, ըլլանք կղերական կամ աշխարական։

Արդարեւ, Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի կեանքի վկայութիւնը մեզմէ ոչ թէ միայն խոր հաւատք կը պահանջէ, այլեւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն, ծառայութեան յանձնառութիւն եւ զոհաբերութեան ոգի։ Առանձնապէս խօսքս կ՛ուղղեմ ձեզի՝ սիրելի ուսուցիչներ, որովհետեւ յետայսու մեզմէ իւրաքանչիւրս պարտի Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի կեանքը իւրացնել եւ անոր օրինակին հետեւելով՝ իր առաքելութիւնը շարունակել: Մէկ խօսքով, մեր հոգեբանութիւնը պէտք է վերափոխենք համաձայն սուրբին հոգեբանութեան ու կենցաղին եւ հետեւելով իրեն՝ փորձենք մենք եւս ամենուրէք Քրիստոսի Լոյսը ճառագայթել։

Այսու, պիտի փորձեմ հինգ կէտերու մէջ ամփոփել եւ ձեզի ներկայացնել Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի յորդորը մեր վարժարանին.

1. Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի մանկութիւնը եւ կրթութիւնը

Շիւքրալլահ Մալոյեան ծնաւ 1869-ին, Մարտին քաղաքին մէջ (ներկայիս Թուրքիա)։ Ութ տարեկանէն ցուցաբերած է մեծ սէր՝ եկեղեցիին, աղօթքին եւ գիտութեան հանդէպ։ Ան սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Մարտինի կաթողիկէ դպրոցին մէջ, եւ ճանչցուած էր իր հնազանդութեամբ եւ առաքինի վարուելակերպով։ Տեղւոյն ժողովրդապետը տեսնելով իր մէջի հաւատքը, կոչումն ու ծառայութեան սէրը, զինք Զմմառու Մայրավանք կ’ուղարկէ շարունակելու համար իր կրթութիւնը եւ հմտանալու փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան ճիւղերուն մէջ։ Տարիներուն հետ՝ իր մէջ կ՛աճի եւ կ՛ամրանայ սէրը հաւատքին եւ կրթութեան հանդէպ։

Սիրելի ուսուցիչներ, ահա՛ այստեղ արդէն կը տեսնենք առաջին նիւթը, որ կը յարաբերուի մեզի հետ. Ս. Մալոյեանը եղաւ միաժամանակ աշակերտ եւ ուսուցիչ։ Ան խորապէս համոզուած էր, թէ առանց կրթութեան՝ անհնար է առաջնորդել ժողովուրդը դէպի ճշմարիտ փրկութիւնը:

2. Հովուական ծառայութիւնը

1896 թուականին Մալոյեան կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի։ Առաջին տարիներէն ան մեծ ուշադրութիւն նուիրած է ոչ միայն հաւատացեալներուն հոգեւոր սնունդ տալուն, այլեւ անոնց մշակութային եւ մտաւոր զարգացման։ Մալոյեան վստահ էր, թէ ամրակուռ հաւատքը պէտք է համադրել հզօր միտքի եւ առողջ կենցաղի հետ։

1911-ին արքեպիսկոպոս կ’ընտրուի որպէս Մարտինի առաջնորդ։ Եւ ահա այստեղ կը բացուի իր առաքելութեան ամենակարեւոր էջը. ան եղաւ հովիւ մը, որ իր հօտին համար ոչ միայն քարոզեց, այլ նաեւ պատրաստ եղաւ իր կեանքը զոհել։

3. Հալածանքներու ժամանակ

1915-ին Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ հալածանքները հասան նաեւ Մարտին։ Օսմանցին փորձեց Մալոյեան Արքեպիսկոպոսին պարտադրել որ ուրանայ իր հաւատքը եւ ընդունի իսլամութիւն։ Ան հերոսական կերպով մերժեց. այս խօսքերով. « Հայու հարազատ զաւակներ, շարունակեցէք ամուր կառչած մնալ ձեր զոյգ ինքնութիւններուն. ձեր կրօնին եւ ձեր ազգին, քանի որ այս երկուքին համար է, որ դուք ցեղասպանին կողմէ հալածուեցաք»։ Եւ ըսաւ նաեւ՝ « Երբե՛ք, երբե՛ք չեմ ուրանար եւ չեմ դաւաճաներ Յիսուս Քրիստոսը՝ իմ փրկիչս, չեմ ուրանար Կաթողիկէ եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը... Արիւնս թափել հաւատքիս համար ամենասիրելի նպատակներէս մէկն է... Չարչարեցէք զիս, կտոր-կտոր ըրէք, երբեք չեմ ուրանար իմ քրիստոնէական հաւատքս...»:

Մալոյեանը բաժնեցին տարագրութեան կարաւանէն եւ ենթարկեցին խոշտանգումներու եւ ծաղրանքի: Երբ Տիգրանակերտէն 3 ժամ հեռու «Քարա Քէօփրիւ» կոչուած վայրը հասաւ, ան հարցուց. «Ո՞ւր են զաւակներս»:

11 Յուլիս 1915-ին, թուրքերը զինք կրօնափոխ ընելու վերջին փորձը կատարեցին, սակայն ի զուր: Սաստիկ զայրացած՝ թուրք զինուորական մը փամփուշտ մը արձակեց անոր վիզին, եւ մեր սուրբը գետին ինկաւ արտասանելով վերջին խօսքը. «Տէր, գթա՛ ինծի, ձեռքերուդ մէջ կը յանձնեմ հոգիս», եւ այդպէս աւանդեց հոգին:

4. Վկայութիւն՝ իբրեւ ուսուցիչներու օրինակ

Սիրելի ուսուցիչներ, ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի կեանքը։

  •     Նախ, կը սորվեցնէ որ ճշմարիտ ուսուցիչը միայն գիտելիք չի փոխանցեր, այլ կը դաստիարակէ հոգիները։ Մալոյեան իր հաւատացեալները ուսուցանեց ոչ միայն աղօթելու, այլ նաեւ հաւատքին համար քաջութեամբ ապրելու։

  •     Երկրորդ, կը սորվեցնէ որ ուսուցիչը պէտք է ապրի այն արժէքներով, որ ինք կը սորվեցնէ, Ինչպէս Մալոյեան, որ ոչ միայն խօսեցաւ հաւատքի մասին, այլ անձամբ ինքը դարձաւ վկայութիւն։

  •     Երրորդ, կը սորվեցնէ որ կրթութիւնը ուղի մըն է դէպի ազատութիւն, արդարութիւն ու նաեւ փրկութիւն։

5. Մալոյեանի պատգամը մեր ժամանակներուն

Այսօր մեր ժողովուրդը եւս կը գտնուի տարբեր փորձութիւններու մէջ, նամանաւանդ Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ։ Թէեւ այսօր չունինք այնպիսի հալածանքներ ինչպէս 1915-ին, սակայն ունինք ուրիշ վտանգներ՝ անտարբերութիւն, բարոյական թուլութիւն, արժէքներու մոռացում։ Ս. Մալոյեան պատկանելութեան կողքին մեզ կը հրաւիրէ մնալ հաստատուն, հաւատարիմ եւ սիրող։

Յարգելի ուսուցիչներ, ձեր առաքելութիւնը ոչ միայն դասաւանդել է, այլ նաեւ կերտել սերունդ մը, որ պիտի կարենայ դիմակայել փորձութիւններուն։ Մալոյեանի օրինակով դուք ալ կրնաք ըլլալ «Ս. Խօսքի վկաներ» ձեր աշակերտներուն համար։

Ս. Իգնատիոս Մալոյեան նահատակուեցաւ, բայց իր արիւնը դարձաւ սերմ. այսօր ան մեզի կը սորվեցնէ, թէ սիրոյ եւ հաւատքի մէջ կը գտնենք իսկական յաղթանակը։

Թող Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր եւ անոր բարեխօսութեամբ, մնաք հաստատուն ձեր առաքելութեան մէջ։ Թող Մեսրոպեան վարժարանը ոչ միայն գիտութեան կաճառ մը ըլլայ, այլեւ հաւատքի, արդարութեան եւ սիրոյ վկայարան. ամէն։

Աղբիւրը՝ Մեսրոպեան վարժարանը կայքէջը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2025, 10:16